ՄԱՄԼՈՅ ՍԵՆՏԻՔԱՆ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ՏԱՍԸ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ
Յառաջիկայ 6 մայիսին Մամլոյ սենտիքան պիտի մեծարէ լիբանանցի տասը լրագրողներ` Քամիլ Մնասսա, նախկին նախարար Ֆարուք Պարպիր, Ռաֆիք Խուրի, Նուհատ Ազար, Սոնիա Պէյրութի, Հիւսէյն Քթէյլ, Մոհամետ Պաքեր Շերրի, Շաուքի Ապու Շաքրա, Թաուֆիք Խաթթապ եւ Ֆարուք Ժամմալ:
Այս քայլով, Մամլոյ սենտիքան ամէն տարի 6 մայիսին` Մամլոյ նահատակներու օրուան առիթով կը մեծարէ աւելի քան յիսնամեակ մը լրագրական բեղուն գործունէութիւն ունեցած Մամլոյ սենտիքայի անդամները:
CATEGORIES Լիբանանեան