ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Յայտագիրի Փոփոխութիւն` Կիրակի, 2 Դեկտեմբերին Սկսելիք Պասքեթպոլի Մրցումներուն
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները կը սկսին վաղը` կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Թէեւ նախանցեալ օր մրցումներուն յայտագիրը հրապարակուած էր, սակայն կազմակերպիչներուն կողմէ անոր մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ տեղի ունեցան:
Ստորեւ` նոր յայտագիրը.
ԺԱՄ
ԿԲՎ – Յառաջ (97-98, տղաք) 12:30
Յառաջ – Ճեմարան (97-98, աղջիկներ) 14:00
Եղիշէ Մանուկեան – ՀԲԸՄ (95-96, աղջիկներ) 16:00
ՀԲԸՄ – Եղիշէ Մանուկեան (95-96, տղաք) 17:00
Մեսրոպեան – Հարպոյեան (95-96, աղջիկներ) 18:30
CATEGORIES Մարզական

