Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Հայրենի Կռփամարտիկներուն Տպաւորիչ Արդիւնքները Կը Շարունակուին
Երէկ` Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի երիտասարդութեան ախոյեանութեան երկրորդ օրը, իրենց ճակատումները յաղթանակով աւարտեցին Ռաֆայէլ Սիմոնեան (91 քկ) եւ Նարեկ Մելքոնեան (91 քկ եւ վեր):
Արման Դարչինեան (60 քկ) անբախտ գտնուեցաւ եւ 15-7 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Հիւսէյն Պայսանքուրովէն (Ռուսիա) դուրս մնաց ախոյեանութենէն:
Սիմոնեան 19-8 արդիւնքով յաղթելով վրացի Թաթա Քվիրքվելայի, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Մելքոնեան` 9-7 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Չու Ֆութինկը (Չինաստան):
Նշենք, որ ախոյեանութեան առաջին օրը յաղթանակ արձանագրած էին Գոռ Երիցեան (64 քկ), Տարօն Սողոմոնեան (49 քկ) եւ Հայրիկ Նազարեան (64 քկ), իսկ Եուրիկ Միքայէլեան (69 քկ) միակն ըլլալով պարտուած էր:

