Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Ամալ Մաարաքէ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 1 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մեկնի հարաւ, ուր հիւրը պիտի ըլլայ Ամալ Մաարաքէի:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 14:15-ին:
Նշենք, որ այսօրուան երկու խումբերը մաս կը կազմեն Ա. խմբակին:
CATEGORIES Մարզական

