Քրիս Պոհճալեանի Լիբանան Այցելութիւնը Կը Շարունակուի
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով Լիբանան գտնուող ամերիկահայ գրող, Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Տը սենտքեսըլ կըրլզ» գիրքի հեղինակ Քրիս Պոհճալեան անցնող երեք օրերուն ընթացքին շարունակեց իր հանդիպումները:
Ուրբաթ, 30 նոյեմբերի կէսօրին, Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրով Պոհճալեան այցելեց համալսարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան հետ, որմէ ետք համալսարանի գիրքի ակումբի անդամներուն, բաժանմունքներու պատասխանատուներուն եւ ուսանողներու ներկայութեամբ խօսեցաւ իր գիրքին մասին:
Երեկոյեան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ոսանողութեան հայկական աւանդներու ակումբին կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, համալսարանի «Պաթիշ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պոհճալեանի դասախօսական երեկոն: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ակումբի նախագահ Վահէ Սեֆերեան, որմէ ետք «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան ներկայացուց գրագէտը: Պոհճալեան իր դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուց այս գիրքի պատրաստութեան պայմանները եւ ընդհանուր մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ փոխանցեց իր տպաւորութիւնները այս հրատարակութեան հետ առնչուած: Աւարտին, հայկական աւանդներու ակումբին անունով Պոհճալեանի յանձնուեցաւ յուշանուէր մը: Տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրութիւն:
Երէկ Պոհճալեան այցելեց Այնճար եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ` ներկայութեամբ հոգեւոր ներկայացուցիչներուն, կոմիտէին, քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն: Դասախօսութենէն ետք Պոհճալեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն:
Այսօր Պոհճալեան պիտի այցելէ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, ինչպէս նաեւ ժամը 4:30-ին հարցազրոյց պիտի ունենայ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կաթողիկոսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ կեդրոնական ձեռնարկը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Երեքշաբթի Պոհճալեան պիտի այցելէ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան- Յովակիմեան վարժարանը եւ կէսօրուան ժամը 12:15-ին հարցազրոյց պիտի ունենայ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն:



