Լիբանանեան Ֆութպոլ1 Ամալ Մաարաքէ – ՀՄԸՄ` 1-1

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին:

ՀԸՄԸ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Ամալ Մաարաքէի, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:

Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ Ամալ Մաարաքէի առաւելութեամբ. վերջինս 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ, երբ 30-րդ վայրկեանին փենալթիով կոլ մը նշանակեց:

ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը նշանակեց Սագօ Ապաճեան` 70-րդ վայրկեանին:

Այսպիսով, յաջորդական երկու յաղթանակներէ ետք, ՀՄԸՄ կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը եւ ունեցաւ 7 կէտ: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ Թատամոն Պէյրութ, սակայն անիկա կը գրաւէ Ա. խմբակին երկրորդ դիրքը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ կը գերազանցէ իր մրցակիցը իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ:

4-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն է Ահլի Պըրժ Ռահհալ:

Նշենք, որ մինչեւ այժմ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները նշանակած են 9 կոլ եւ իրենց բերդին մէջ ստացած կոլ մը միայն:

Ամալ Մաարաքէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.

Յարութ Սարգիս – Վարդան Գոշոյեան, Յովիկ Իզմիրլեան, Անթոնի Զէյտան, Ալեք Ալճեան – Սարգիս Ապաճեան, Ճոնի Քոնճեան, Յակոբ Նաճարեան, Մամաս Քէհէեան – Յակոբ Տօնապետեան եւ Սագօ Ազնաւուրեան:

Share this Article
CATEGORIES