Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Նարեկ Մելքոնեան Երեւանեան Պայքարէն Դուրս Ձգեց Թուրք Եասիմ Եըլտըրըմը
Նախորդ շաբաթավերջին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ շարունակուեցան աշխարհի կռփամարտի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումները:
91 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Նարեկ Մելքոնեան, երեւանեան պայքարէն դուրս ձգեց իր թուրք մրցակից Եասիմ Եըլտըրըմը` արձանագրելով 15-13 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հենրիք Մոքոյեան (52 քկ), որ 22-11 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մահմուտ Մաթպուլին (Յորդանան):
Սակայն մրցաշարքէն դուրս մնաց Ռաֆայէլ Սիմոնեան (91 քկ), որ 14-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տապու Ճէյ Օփեթայայէն (Աւստրալիա):
Նշենք, որ երկուքական յաղթանակներով իրենց ելոյթները կը շարունակեն նաեւ Տարօն Սողոմոնեան (56 քկ), Գոռ Երիցեան (64 քկ) եւ Արտաւազդ Հարոյեան (75 քկ):
CATEGORIES Մարզական

