ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը սկսաւ երէկ` կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Այս տարեշրջանին ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը կրեց նորութիւն մը, որ առիթ պիտի տայ, որ բոլոր տարիքներու աշակերտները տան իրենց լաւագոյնը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մրցումի պիտի ընտրուի մրցումին լաւագոյն մարզիկը:

Այս շաբթուան արդիւնքներն են.

1997/1998 ՏՂԱՔ Կ. Բ. Վ. – Յառաջ 34-38
1997/1998 ԱՂՋԻԿՆԵՐ Յառաջ – Ճեմարան 24-43
1995/1996 ԱՂՋԻԿՆԵՐ Եղիշէ Մանուկեան – Դարուհի Յովակիմեան 62-11
1995/1996 ՏՂԱՔ Դարուհի Յովակիմեան – Եղիշէ Մանուկեան 49-43
1995/1996 ԱՂՋԻԿՆԵՐ Մեսրոպեան – Հարպոյեան 4-52

Այս շաբթուան լաւագոյն մարզիկի յուշանուէր ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Կ. Բ. Վ. – Յառաջ` Միհրէ Պալապանեան (Յառաջ)
Յառաջ – Ճեմարան` Կալէ Խուտավերտեան (Ճեմարան)
Ե. Մանուկեան – Դար. Յովակիմեան` Լարա Գրաճեան
Դար. Յովակիմեան – Ե. Մանուկեան` Նորայր Արբաճեան
Մեսրոպեան – Հարպոյեան` Գարին Կիւլիւմեան

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

(www.levam.org)

 

Share this Article
CATEGORIES