Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Կը Մնայ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սաֆա, որ հիւրընկալեց Իժթիմահին, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Սաֆա ունեցաւ 18 կէտ:
Նըժմէ, որ Մարզական աւանին մէջ երէկ 5-2 արդիւնքով յաղթեց Ախա Ահլի Ալէյի, 16 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
Անսար – Ահտ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Առաջինը ունի 15 կէտ, մինչ երկրորդը` 14:
Ստորեւ` 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Թատամոն Սուր – Շապապ Ղազիէ 3-1
Սաֆա – Իժթիմահի 3-1
Անսար – Ահտ 1-1
Թրիփոլի – Ռասինկ 1-1
Շապապ Սահել – Սալամ Սուր 4-0
Նըժմէ – Ախա Ահլի Ալէյ 5-2
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Սաֆա 18
2.- Նըժմէ 16
3.- Անսար 15
4.- Ահտ 14
5.- Թատամոն Սուր 12
6.- Ախա Ահլի Ալէյ 12
7.- Շապապ Սահել 10
8.- Ռասինկ 10
9.- Թրիփոլի 9
10.- Իժթիմահի 4
11.- Շապապ Ղազիէ 0
12.- Սալամ Սուր 0


