Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը խմբագրութեան հաղորդեց հետեւեալ տեղեկութիւնները.
«Շաբաթ օր երկու օր տեւած անջատումէ ետք համացանցային եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան կապերը վերսկսան գործել մայրաքաղաքի տարածքին:
«Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Դամասկոսի միջազգային օդակայանը կ՛աշխատի օրինաւոր կերպով եւ օդակայանի ճամբան ապահով է: Իսկ սուրիական օդանաւային ընկերութեան տնօրէնը հաստատեց, որ թռիչքները բնականոն են եւ կը շարունակուին ըստ որոշուած ծրագիրին:
«Մինչ այդ, Դամասկոսի տարբեր շրջաններուն մէջ կը լսուին թնդանօթի եւ պատերազմական օդանաւներու հարուածներու ձայներ: Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, բանակը զինուորական գործողութիւններու շարք մը իրականացուցած է` տարբեր արուարձաններու մէջ ոչնչացնելով զինեալ ընդդիմադիրներու կեդրոնները: Իսկ երեկոյեան տարբեր արուարձաններու մէջ արձանագրուեցան սարքերու պայթումներ եւ արձակուեցան հրասանդի հրթիռներ:
«Մինչ այդ, երէկ մարտեր կ՛ընթանային զինեալ խմբակներու եւ բանակին միջեւ` Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններուն մէջ, սակայն մայրաքաղաքի կեդրոնը համեմատաբար բնական իր կեանքը շարունակած է»:

