Ըստ Բրիտանական «Տը Սան» Օրաթերթին Միացեալ Նահանգներ Պաղ Պատերազմի Ընթացքին Լուսինը Հիւլէական Ռումբով Պայթեցնել Ծրագրած Են
Բրիտանական «Տը Սան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Պաղ պատերազմի ընթացքին ուժի ցուցադրութեամբ Խորհրդային Միութեան «աչքը վախցնելու» համար ծրագրած են լուսինը հիւլէական ռումբով պայթեցնել:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի հրամանատարները «119 Այ ծրագիր» անունին տակ գաղտնի ծրագիր մը պատրաստած են լուսինի պայթումին պատճառով արձակուած եւ երկրէն տեսանելի շողարձակումներու ճամբով Խորհրդային Միութիւնը երկիւղի մատնելու: Բրիտանական օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ ըստ ծրագիրին մասնակից ֆիզիկոս Լէոնարտ Ռայֆիլի, ծրագիրը 1957-ին Խորհրդային Միութեան կողմէ «Սփութնիք» արբանեակի արձակումէն ետք Միացեալ Նահանգներուն բարոյական նպաստ բերելու նպատակը կը հետապնդէր:
Ամերիկացի զինուորականները հրաժարած են այդ ծրագիրէն, որուն իրագործումը նախատեսուած էր 1959-ին, որովհետեւ պայթումին ձախողութեան պարագային երկիրին վրայ անոր ազդեցութեան առնչութեամբ մտավախութիւններ ունեցած են:
Այս ծրագիրը 45 տարիէ ի վեր գաղտնի մնացած է եւ ամերիկեան կառավարութիւնը այդ ծրագիրին իր մասնակցութիւնը պաշտօնապէս չէ հաստատած:
Ի վերջոյ Միացեալ Նահանգներ հրաժարած են այդ ծրագիրէն եւ ատոր տեղ հետապնդած անջրպետագնացութեան ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ 1969-ին Նիլ Արմսթրոնկը լուսին ուղարկելով յաջողած են անջրպետի մէջ Խորհրդային Միութեան հետ ճակատումին ընթացքին յաղթանակ արձանագրել:

