«Վրաստանի Հետ Երկխօսութեան Վերսկսելու Պատրաստ Ենք, Եթէ Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Գերիշխանութիւնը Ճանչնայ» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

Տմիթրի Մետվետեւ

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ Մոսկուա կատարելապէս պատրաստ է «Վրաստանի հետ երկխօսութեան վերսկսելու, միայն եթէ Վրաստան ճանչնայ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ գերիշխանութիւնը»:

Մետվետեւ ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Մոսկուա շարք մը առիթներով պատրաստակամութիւն յայտնած է վրացական նոր իշխանութեանց հետ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն միայն ներկայ աշխարհաքաղաքական տուեալներուն եւ Աբխազիան ու Հարաւային Օսեթիան ճանչնալու որոշումներուն լոյսին տակ»:

Ռուսիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ Վրաստանի հետ յարաբերութեանց վերականգնման բանակցութիւնները հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կազմուած նոր խորհրդարանի կազմութենէն ետք «իրատեսական բնոյթ ստացան»:

 

Share this Article
CATEGORIES