Թուրքիոյ Մէջ «Փաթրիոթ»-ներու Տեղակայման Աշխատանքը` Ընթացքի Մէջ

ՕԹԱՆ յայտարարեց, որ Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» տիպի հակահրթիռային համակարգերու տեղակայման Թուրքիոյ պահանջի բաւարարման ուղղութեամբ աշխատանքը լաւ եւ արագ կերպով կ՛ընթանայ: Շաբաթ օր ՕԹԱՆ-ի բանբեր Օուանայ Լունճիսքու յայտնած էր, որ դաշինքը այդ առումով յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ ռուս-սուրիական յարաբերութիւնները Սուրիոյ մէջ տագնապի խաղաղ լուծման ռուսական կեցուածքին շնորհիւ կ՛ամրապնդուին: Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն հետ գումարած է ժողովներ` զանոնք տեղեակ պահելու դէպքերու զարգացումներէն եւ ծանօթանալու համար ռուսական կեցուածքին:

Մըքտատ յայտնեց, որ Ռուսիա իր այցելութիւնը կ՛իյնայ «յաջող շրջապտոյտի մը» ծիրին մէջ, որուն ընթացքին այցելած է շարք մը հարաւամերիկեան երկիրներ եւ անոնց ղեկավարներուն փոխանցած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ յղուած նամակներ:

Իսլամական զարթօնքի միջազգային կեդրոնի ընդհանուր քարտուղար Ալի Աքպար Վիլայեթի երէկ յայտնեց, որ «Իրան իր բոլոր կարելիութիւններով Սուրիոյ կառավարութիւնն ու ժողովուրդը կը պաշտպանէ»:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը դիմադրութիւնը տկարացնելու համար արեւմտեան, շրջանին մէջ յետադիմական վարչակարգերու եւ սիոնական դաւի մը արդիւնքն է` նշելով, որ «ըստ չէզոք կողմերու, ներառեալ` ՄԱԿ-ի զեկուցումներուն, Սուրիոյ մէջ զէնք բարձրացուցածները մեծաւ մասամբ սուրիացիներ չեն»:

Հոմսի մէջ երէկ տեղի ունեցած պայթում մը պատճառեց 15 զոհ եւ 24 վիրաւոր:

Նշենք, որ Եգիպտական օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ այսօր կը վերսկսի դէպի Սուրիա իր թռիչքներուն: Ընկերութիւնը Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ բախումներու պատճառով իր թռիչքները կասեցուցած էր: Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, Դամասկոսի օդակայանին ճամբան մասնաւորաբար արձակազէններու գոյութեան պատճառով կը մնայ անապահով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES