ՔԱԿ-ի Վեթերաններէն Ալտար Հալիլ Կը Յայտարարէ. «Թուրքիա Օտարերկրացի Վարձկաններ Սուրիա Կ՛ուղարկէ Քիւրտերուն Դէմ»
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան վեթերաններէն Ալտար Հալիլ քրտական «Ռուտաու» թերթին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա օտարերկրացի վարձկաններ կ՛ուղարկէ Սուրիա` այդտեղի քիւրտերը ճնշելու համար:
Ան նշած է, որ շարք մը արտաքին ուժեր, ներառեալ` Թուրքիան Սուրիոյ մէջ կը փորձեն ջնջել քրտական ինքնութիւնը: Նշենք, որ Խալիլ նաեւ Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ի մէկ թեւը նկատուող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան հիմադիրներէն է: «Թրքական կառավարութիւնը կարելի պիտի ընէ, որպէսզի համոզուի, թէ Սուրիոյ քիւրտերը ինքնավարութիւն պիտի չստեղծեն, ինչպիսին գոյութիւն ունի Իրաքի Քիւրտիստանին մէջ», ըսած է ան:
«Թուրքերը մտահոգ են, որ յեղափոխութիւնը Սուրիոյ մէջ այդպիսի արդիւնքի պիտի յանգեցնէ: Թրքական կառավարութիւնը սկսած է խառնուիլ Սուրիական ազատ բանակի գործունէութեան: Սուրիոյ ազգային խորհուրդն ու ընդդիմութիւնը յոյս ունին, որ ատիկա տեղի չունենայ: Անոնք կարելին կ՛ընեն` քիւրտերը խաղէն դուրս ձգելու համար», յայտարարած է ան:
Ըստ անոր, եթէ առաջ Թուրքիան կը փորձէր քիւրտերը խաղէն դուրս ձգել քաղաքականութեան եւ լրատուամիջոցներուն միջոցով, այժմ արդէն քիւրտերուն դէմ վարձկաններ կ՛ուղարկէ: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա մտահոգ է, որ Սուրիոյ քրտական շրջանները կը գտնուին քիւրտերու վերահսկողութեան տակ: Սակայն Սուրիոյ մէջ ո՛չ իշխանութիւնը, ո՛չ ընդդիմութիւնը կ՛ուզեն քիւրտերուն դէմ կռուիլ:

