Բնակեցուածներու Համար Երեք Հազար Նոր Տուներ Կառուցելու Իսրայէլի Որոշումը Կ՛արժանանայ Միջազգային Քննադատութեան

Մահմուտ Ապպասը Ռամալլայի մէջ դիմաւորած պաղեստինցիները

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթըն դատապարտեց Այսրյորդանանի եւ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ իսրայէլացի բնակեցուածներու համար երեք հազար նոր տուներ կառուցելու Իսրայէլի մտադրութիւնը:

Ան ըսաւ, որ «առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեցի բանակցութիւններու վերսկսման համար վստահութեան վերականգնման ուղղութեամբ քայլեր որդեգրելու»: Էշթըն մտահոգութիւն յայտնեց բնակեցման վայրերու ընդլայնումին առնչութեամբ` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը այդ քայլը «խաղաղութեան հաստատման կարելիութեան դէմ ռազմավարական խոց մը» կը նկատէ:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն շաբաթ օր քննադատեց բնակեցուածներու համար յաւելեալ 3 հազար բնակարաններ կառուցելու իսրայէլեան որոշումը: Ան Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, որուն մասնակիցներուն շարքին էին նաեւ իսրայէլեան իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, յայտարարեց, որ այդ որոշումը խաղաղութեան հոլովոյթին համար մէկ քայլ ետ կը նշանակէ:

Ըստ անոր, Իսրայէլի պաշտպանութիւնը որքան ալ հզօր ըլլայ, անիկա չի կրնար երկրին անվտանգութիւնը միշտ երաշխաւորել` աւելցնելով, որ անվտանգութիւնը կրնայ ըլլալ միայն Միջին Արեւելքի տագնապի խաղաղ լուծման արդիւնքը:

Նշենք, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները, ի պատասխան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ Պաղեստինը իբրեւ դէտ պետութիւն ճանչնալու որոշումին, յայտարարած էին, որ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ նոր տուներ պիտի կառուցեն:

Հակառակ քննադատութեանց, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը պիտի շարունակէ Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրեր կառուցել` վստահեցնելով, որ պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի չհաստատուի, այնքան ատեն որ պաղեստինցիները Իսրայէլի հրէական պետութիւն մը ըլլալը չեն ընդունիր եւ տագնապը վերջ չէ գտած:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Եուվալ Շթայնից իր կարգին յայտարարեց, որ յանուն Պաղեստինեան իշխանութեան գանձուած տուրքերուն գումարները կը սառեցուին: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին կայքէջը հաղորդեց, որ այդ գումարներու պաղեստինցիներուն փոխանցումը դադրած է` ի պատասխան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած որոշումին:

Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պաղեստինցիներուն կոչ ուղղած է միաւորուելու` նշելով, որ այդ մէկը անկախ պաղեստինեան պետութեան մը հաստատման հիմնական նախապայմանն է:

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի կողմէ Պաղեստինը իբրեւ դէտի կարգավիճակով պետութիւն ճանաչումին` Էրտողան յայտնեց, որ «Իսրայէլ այսուհետեւ պէտք չէ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութեան մը հաստատման առջեւ խոչընդոտներ զետեղէ»` աւելցնելով, որ «Իսրայէլ պէտք է գիտակցի, որ շրջանին մէջ առանց պաղեստինեան դատի լուծման խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման կարելիութիւն չկայ»:

Ան ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումը «շրջանին մէջ Պաղեստինի իբրեւ անկախ պետութիւն գոյութեան ուղութեամբ պատմական քայլ մըն էր»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այդ որոշումին զօրակցեցան, ինչպէս նաեւ այն պետութեանց, որոնք անոր ի նպաստ քուէարկեցին:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը շաբաթ օր Իսրայէլէն պահանջեց հեռանալ բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներէն եւ հրաժարիլ Երուսաղէմը իբրեւ իր մայրաքաղաքը հռչակելու քայլէն` նշելով, որ «որեւէ որոշում, որ Իսրայէլ իբրեւ բռնագրաւող պետութիւն կ՛որդեգրէ իր օրէնքները, գերիշխանութիւնը եւ կամքը Երուսաղէմի պարտադրելու, ապօրինի է եւ իրաւական ոչ մէկ ուժ ունի»: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը Իսրայէլի կոչ ուղղեց` «այդպիսի միակողմանի եւ ապօրինի քայլեր կատարելէ դադրելու»:

Միւս կողմէ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ վերադարձաւ Ռամալլա, ուր բազմահազար պաղեստինցիներ զինք իբրեւ հերոս դիմաւորեցին: ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն վերադարձող Ապպասը Այսրյորդանանի մէջ դիմաւորեցին հինգ հազար պաղեստինցիներ` պաղեստինեան դրօշներով եւ փուչիկներով:

Ապպաս խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ «մենք հիմա պետութիւն ունինք» եւ «աշխարհը բարձրաձայն այո ըսաւ Պաղեստին պետութեան»:

 

Share this Article
CATEGORIES