Փութին Այսօր Թուրքիա Կ՛այցելէ
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով լրագրողներուն յայտնեց, որ «3 դեկտեմբեր 2012-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ Կազայի մէջ տիրող կացութեան վերաբերող հարցեր»:
Ուշաքով նշեց, որ «Փութին Թուրքիա կ՛այցելէ ընդառաջելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրին եւ պիտի մասնակցի ռուս-թրքական համագործակցութեան բարձրաստիճան խորհուրդի 3-րդ ժողովին»` նշելով, որ «ռուս-թրքական քաղաքական երկխօսութիւնը կանոնաւոր եւ աշխուժ բնոյթ ունի»: Ան ըսաւ, որ քննարկումներուն ընթացքին պիտի արծարծուին նաեւ շարք մը միջազգային եւ շրջանային անմիջական հարցեր, ներառեալ` միջինարեւելեան տագնապի լուծման խնդիրը»:
Ուշաքով շեշտեց, որ «Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւն մը գոյութիւն ունի»` աւելցնելով, որ «շարք մը հարցեր այս առումով ռուսական կեցուածքէն կախեալ են»:
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը երէկ իր կարգին գրեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի վստահութիւնը պիտի վերականգնի:
Փութին պիտի այցելէ Պոլիս, ուր պիտի մասնակցի Ռազմավարական համագործակցութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին: Իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին ան հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ:
Ըստ նախնական տուեալներու, Փութինի այցելութեան ծիրին մէջ տնտեսութեան, մշակոյթի եւ ելեւմուտքի մարզերուն վերաբերող 5-էն աւելի համաձայնագիրներ պիտի ստորագրուին:
Փութին եւ Էրտողան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տան, ինչպէս նաեւ 70 գործարարներու հետ պիտի մասնակցին պաշտօնական ընթրիքի մը, որ պիտի սարքուի ռուսական «Սպերպանք» դրամատան կողմէ թրքական «Տենիզպանք» դրամատունը գնելու առիթով:
Այդ բոլորէն անկախ երկու ղեկավարները պիտի քննարկեն «Արաբական գարնան» եւ սուրիական խնդիրին վերաբերող տարակարծութիւնները: Սակայն, ինչպէս թրքակըան օրաթերթը կ՛ընդգծէ, այցելութեան հիմնական նպատակը առեւտուրի, տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի մատակարարման հարցերուն մէջ համագործակցութեան ամրապնդումն է:
Ռուս դիւանագէտները «Թուտէյզ Զաման»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այսօրուան այցելութիւնը հետեւեալ ձեւով մեկնաբանած են. «Ատիկա կ՛ապացուցէ, որ վերջին զարգացումները ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ չեն ազդած»:

