Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդգծեց ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը պիտի չկարենայ Լիբանանը փրկել իր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Միշել Հըլու կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Օքապ Սաքըրի անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի ուշ զայն դատավարութեան ենթարկել:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ շաբաթավերջին լսուեցան կրակոցներ` Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի շրջաններուն մէջ: Կրակոցներուն զուգահեռ լիբանանեան բանակը անմիջապէս դիմեց ապահովական խիստ միջոցառումներու եւ աշխուժացուց վերոնշեալ շրջաններուն մէջ գտնուող իր շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը Թրիփոլիին ու հիւսիսային Լիբանանին վնաս հասցուցած է եւ արդար է, որ ոմանք փափաքին նաեւ այդ վարչակարգին վնաս հասցնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ երեսփոխաններուն գործունէութեան իսկական դաշտը խորհրդարանն է` աւելցնելով, որ իրենք պոյքոթի չեն ենթարկեր խորհրդարանին իրենց մասնակցութիւնը, այլ` պոյքոթի կ՛ենթարկեն կառավարութեան հետ որեւէ գործակցութեան կարելիութիւն:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ հանդիպումին առնչութեամբ վերապահութիւն չէ յայտնած: Ան աւելցուց, որ այդ հանդիպումին կայացումը կ՛արգիլեն ապահովական պայմանները:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց, որ Դիմադրութիւնը վերածուի ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող դիմադրութեան եւ լիբանանեան պետութիւնը ճիգ չխնայէ երկրին տարածքին տիրող բոլոր օրինազանցութիւնները հակակշիռի տակ առնելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը շնորհաւորեց ՄԱԿ-ի կողմէ Պաղեստինը իբրեւ դէտի կարգավիճակով պետութիւն ճանաչումին առիթով: Ան հաստատեց, որ այդ որոշումը կ՛օժանդակէ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքին եւ Լիբանանի մէջ անոնց բնակեցման մերժումին: «Եթէ մենք Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կը փափաքինք հաստատել, պէտք չէ առաջնորդուինք «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազով», ըսաւ ան:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան պաղեստինցիները ողջունեց ՄԱԿ-ի կողմէ Պաղեստինը իբրեւ դէտի կարգավիճակով պետութիւն ճանաչումին համար: Ան խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ կատարուող արիւնահեղութիւնը եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մեծ պետութիւնները վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յայտնած են երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց երկրին սահմանադրական եւ օրինական բոլոր ժամկէտները յարգելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք լուռ պիտի չմնան ելեկտրականութեան եւ դեղորայքի թղթածրարներուն հարցով եւ զանոնք մինչեւ վերջ պիտի հետապնդեն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Կազա իրենց կատարած այցելութեան նպատակն էր պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցիլ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել ընդգծելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ ազգային երկխօսութիւն կատարելու ջանքերուն կարեւորութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը ոչ մէկ կապ ունի կառավարութեան փոփոխութեան հետ, այլ ան կ՛առաջարկէ քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն կայացնել:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ պէտք է երկրին մէջ սկսիլ այնպիսի երկխօսութիւն մը, որ երիտասարդներուն առիթ կու տայ երկրին քաղաքական կեանքին իսկական մասնակցութեան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ
Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ երկխօսութեան հրաւէրն ու կոչերը մերժող քաղաքական կողմերը կը ստեղծեն նախընթաց մը, որուն գերի կրնան դառնալ հետագային:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Թեհրան կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, միասնականութեան եւ համախոհութեան, ինչպէս նաեւ պատրաստակամ է զինելու լիբանանեան բանակը եւ այդ իմաստով բազմիցս առաջարկներ ներկայացուցած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին կոչ ուղղեց շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթը բարելաւելու` ընդգծելով, որ զէնքի ուժով կարելի չէ հարցերուն եւ տագնապներուն լուծումներ գտնել:

