Պքերքէի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Կիրակի Օրուան Պատարագին
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան փոխադարձ գործակցութեան` ամրապնդելու համար լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան սկզբունքներուն վրայ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց լիբանանեան ներքին միասնականութեան հաստատումին կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ պէտք է լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ անկեղծ մնալ` նկատի ունենալով, որ ան կը տառապի քաղաքական սուր երկփեղկումէ, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային տագնապին ծանր ճնշումներէն:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ ընտրական արդի եւ արդար օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը` դուրս գալու համար քաղաքական երկփեղկումէն եւ յարգելու համար խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ հաւասար թիւով ներկայացուցիչներ ունենալու սկզբունքը:

