Ասիրի Համակիրները Ցոյց-Քայլարշաւ Մը Կը Կատարեն Սայտայի Մէջ

Սայտայի մէջ բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական արտակարգ միջոցառումներուն ներքեւ, Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի համակիրները երէկ Սայտայի մէջ կատարեցին քայլարշաւ մը, որ սկսաւ Հիլալիայէն հասնելով մինչեւ Մարժան հրապարակ, ուր ցուցարարները կատարեցին նստացոյց մը:

Ապահովութեան ուժերուն խիստ ներկայութեան կողքին, բանակի շրջուն ջոկատներ Սայտայի ներքին փողոցներուն մէջ եւս բանեցուցին խիստ հսկողութիւն:

Շրջանին մէջ որդեգրուած ապահովական այս միջոցառումներուն անձամբ հսկեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ կայք հաստատեց Սայտայի սերային մէջ:

Շարպել յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութեան խախտումը բացարձակապէս արգիլուած է` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու փորձերը արգիլուած են, եւ ազատ են բերման գիրեր արձակելու իրենց որոշումին մէջ:

Նշենք, որ շաբաթավերջին շէյխ Ասիր իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ամբաստանած էր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան յանցանքով եւ շեշտած, որ սէյիտ Նասրալլա կ՛ուզէ նաեւ զինք սպաննել:

 

Share this Article
CATEGORIES