Զօր. Աուն. «Կրնանք Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Չէզոք Կեցուածք Որդեգրել, Սակայն Ոչ` Աքքարի Եւ Թրիփոլիի Պարագային»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի իշխող ղեկավարները քաղաքացիները կը տեսնեն պարզապէս իբրեւ իրենց ընտրական շահերուն շրջագիծին մէջ գտնուող անհատներ` աւելցնելով, որ Աքքարը եւ Թրիփոլին մաս կը կազմեն Լիբանանին:
«Մենք Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ կրնանք չէզոք կեցուածք որդեգրել, սակայն ոչ` Աքքարի եւ Թրիփոլիի պարագային», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանը սահմանափակել ընտրաշրջաններով, այլ զայն պէտք է ընկալել եւ ըմբռնել իբրեւ ամբողջական հայրենիք:
Զօր. Աուն յայտնեց նաեւ, որ Աքքարի մէջ քաղաքական ապահովութիւնը կորսուած է` աւելցնելով, որ երկրին հզօրագոյն ուժը, որ կրնայ միջադէպեր ստեղծել, կը փափաքի երկրին կայունութիւնը պահել եւ այդ պատճառով ալ կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանել:
Ան մաղթեց, որ Լիբանանի անվտանգութիւնը մնայուն կերպով պահուի եւ կարելի ըլլայ Լիբանանը Սուրիոյ տագնապներէն հեռու պահել:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` զօր. Աուն շեշտեց, որ կը մաղթէ այդ տագնապը լուծել միջսուրիական երկխօսութեամբ` Սուրիոյ կայունութիւնը վերահաստատելու ի խնդիր:

