Մանսուր. «Թուրք Պատասխանատուներուն Հետ Քննարկեցի Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը, Եւ Այս Հարցով Դրական Նշոյլներ Կան»

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ վերադարձաւ Պէյրութ` աւարտելէ ետք իր մասնակցութիւնը  Արաբական-թրքական փոխադարձ գործակցութեան Ե. խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մանսուր հաստատեց, որ արաբական-թրքական փոխադարձ գործակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուած են տնտեսական, ելեւմտական, քաղաքական, ապահովական, զբօսաշրջական եւ շարք մը այլ հարցեր:

Ան աւելցուց նաեւ, որ խորհրդաժողովին կողքին, ինք թուրք պատասխանատուներուն հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ իրենք այդ թղթածրարը տեղեկատուական մարզին ուշադրութենէն դուրս կը հետապնդեն:

Մանսուր հաստատեց, որ այդ թղթածրարին առումով դրական նշոյլներ կան:

Միւս կողմէ, խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանան իրաւունք ունի իր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելու` ազատագրելու համար իր բռնագրաւուած հողերը, նշելով հանդերձ, որ Լիբանան կը յարգէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES