Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Գուժէ Սամսոն Անդրանիկեանի Նահատակութիւնը
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան գուժեց Ա. (Աւագ) յիսնապետ Սամսոն Անդրանիկեանի նահատակութիւնը` նշելով, որ ան երէկ առաւօտեան զոհ գնաց, Ժունիէի մէջ իր հետապնդած ապահովական պարտականութեան ընթացքին:
Նահատակ յիսնապետը Ժունիէի մէջ կը հետապնդէր Հասան Ահմետ Ղարիպը, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած է բազմաթիւ յանցանքներով: Ղարիպ կրակ բացած է զինք հալածող բանակի շրջուն ջոկատին դէմ: Բանակի ջոկատը իր կարգին կրակ բացած էր յանցագործին դէմ, որ վիրաւորուած էր ու ձերբակալուած եւ յանձնուած համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:
Սամսոն Անդրանիկեան ծնած է 1971-ին` Պուրճ Համուտ: Ան բանակի հրամանատարութեան կողմէ շքանշաններու տիրացած է: Ամուսնացած է եւ ունի մէկ զաւակ:
Նշենք, որ Սամսոն Անդրանիկեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:


