Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Քառասունքին Առիթով Յիշատակի Ձեռնարկ
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան քառասունքին առիթով երէկ Թրիփոլիի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ զինուորականներու եւ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրներուն:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի բացակայեցաւ ձեռնարկէն` ապահովական պատճառներով: Ռիֆիի անունով խօսք առաւ գնդապետ Իպրահիմ Պասպուս, որ յայտնեց, թէ Հասանի սպանութեան գծով հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի` ի գին ամէն զոհողութեան եւ մինչեւ ճշմարտութեան բացայայտում:
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հակառակորդ քաղաքական ուժերը պիտի ձախողին: «Հակառակորդ կողմին ձախողութիւնը պիտի ըլլայ Ուիսամ Հասանի թափած արեան գինը: Մենք զանոնք պարտութեան պիտի մատնենք ժողովրդավարական միջոցներով, որոնց շարքին են քուէատուփերը», ըսաւ Հարիրի:
Իր կարգին, երեսփոխան Մոհամետ Մաշնուք հարց տուաւ հանրապետութեան նախագահին, որ Լիբանանի մէջ ինկած նահատակներուն համար ի՞նչ կարելի եղաւ իրականացնել ազգային երկխօսութեամբ` աւելցնելով, որ իրենք երկխօսութեան պիտի չմասնակցին ոճրագործ կառավարութեան հրաժարելէն ետք:
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ իր խօսքը ուղղելով Ուիսամ Հասանի ըսաւ. «Իսկական դիմադրութիւնը դուն ես, իսկ անոնք միլիս դարձած կեղծ դիմադրութիւն մըն են»:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա, որ յայտնեց, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան տապալումը ժիհատի պարտականութիւն մըն է` աւելցնելով, որ իրենք մաս չեն կազմեր ոճրագործներ ընդգրկող նախարարաց խորհուրդի մը:

