Նախագահ Սլէյման Շնորհաւորեց Ապպասը Եւ Ընդունեց Պառնիէն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ շնորհաւորեց զայն ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած` Պաղեստինը իբրեւ դէտի կարգավիճակով պետութիւն ճանչնալու որոշումին առիթով:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ այդ որոշումը ըլլայ նախաքայլը` միասնականացնելու պաղեստինեան կեցուածքը եւ ապահովելու Պաղեստինի ու պաղեստինցիներուն շահերը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Եւրոպական Միութեան ներքին շուկաներու հարցերու պատուիրակ Միշել Պառնիէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ տնտեսական գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Պառնիէ առաջարկեց, որ Լիբանան արաբական երկիրներու հետ տնտեսական միացեալ շրջան մը գոյացնէ, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու այդ շրջանին:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նախագահ Սլէյմանի այցելեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ներկայ կացութենէն դուրս գալու կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութեան վերաբերող խնդիրներ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ:



