Թալքալախի Մէջ 21 Լիբանանցի Զինեալներու Սպանութեան Լուրը Հաստատուեցաւ Սուրիական Պետական Պատկերասփիւռին Կողմէ

Անցեալ շաբաթավերջին շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ սուրիական ընդդիմութեան զինեալ թեւին կողքին կռուելու նպատակով խումբ մը տղաք Լիբանանէն ուղղուած են Սուրիա եւ Թալքալախի մէջ ինկած են սուրիական բանակին կողմէ լարուած թակարդին մէջ երէկ հաստատուեցաւ, երբ սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 21 լիբանանցի զինեալներ սպաննուած են, երբ անոնք Ուատի Խալետէն փորձած են մուտք գործել Թալքալախ:

Աւելի՛ն. սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը հրապարակեց նաեւ սպաննուած լիբանանցի զինեալներուն լուսանկարները, ինչպէս նաեւ անոնց պատկանող անձնական փաստաթուղթեր, ինչպէս անձնաթուղթեր եւ իխրաժ քայտեր:

Լիբանանեան բանակն ու ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեցին, որ լիբանանեան պետական աղբիւրներ սուրիական կողմերուն հետ հաղորդակցութիւններ կը կատարեն` բացայայտելու համար այդ դէպքին դրդապատճառները:

Միւս կողմէ, դէպքին ընթացքին ինկած լիբանանցի զոհերէն Խտըր Ալամէտտինի ընտանիքը խստիւ դատապարտեց լիբանանցի երիտասարդները նման արարքներ գործելու հրահրումով զբաղող բոլոր պատասխանատուները, որոնք  տարածուած են հիւսիսային Լիբանանի մէջ:

Ալամէտտինի ընտանիքը հաստատեց, որ ինք տեղեակ չէր իր զաւկին Սուրիա գտնուելուն մասին եւ կոչ ուղղեց պետութեան բացայայտելու այն կողմերը, որոնք հրահրած են իր զաւակը եւ զայն մղած նման արարք մը գործելու:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Սուրիա ուղղուած երիտասարդներուն խումբը 25 հոգիէ կը բաղկանար: Ան ըսաւ, որ անոնց տարիքները կը տարուբերէին 18-20-ի միջեւ եւ անոնք Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ, Ապու Սամրա եւ Պապ Ռամըլ, ինչպէս նաեւ Աքքարի եւ Տըննիէի շրջաններէն են:

Տահեր յայտնեց, որ այդ երիտասարդները քաղաքական կամ կուսակցական պատկանելիութիւն չունին` աւելցնելով, որ անոնք ինքնագլուխ որոշած են Սուրիա երթալ:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պեքաայի Մաշարիհ Քաա շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին եւ Սուրիական ազատ բանակի զինեալներուն միջեւ արձանագրուած են բախումներ:

Share this Article
CATEGORIES