Հայաստանի Խորհրդարանական Մասնակի Ընտրութիւններուն. Թիւ 1 Եւ 35 Ընտրատարածքներուն Մէջ Յաղթեցին Հանրապետական Թեկնածուները
Երէկ Երեւանի թիւ 1 եւ Շիրակի մարզի թիւ 35 ընտրատարածքներուն մէջ կայացան Ազգային ժողովի մեծամասնական ընտրակարգով պատգամաւորական լրացուցիչ ընտրութիւններ:
«Առաջին լրատուական» կայքէջի տեղեկութիւններուն համաձայն, թիւ 1 ընտրատարածքին մէջ ըստ քուէաթերթիկներու հաշուարկին յաղթած է Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Ռոպերթ Սարգսեան, իսկ թիւ 35 ընտրատարածքին մէջ` դարձեալ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած «Սովրանօ» ընկերութեան տնօրէն Արման Սահակեան:
Նշենք, որ թիւ 1 ընտրատարածքին մէջ պատգամաւորական պաշտօնին համար կը պայքարէին երեք թեկնածուներ` Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած կուսակցութեան վարչութեան ընդհանուր քարտուղար, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Ստեփան Սաֆարեան, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Ռոպերթ Սարգսեան եւ ինքնառաջադրուած, Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Էդուարդ Պետրոսեան: Թիւ 35 ընտրատարածքին մէջ պատգամաւորութեան պաշտօնի յաւակնորդներն էին Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած «Սովրանօ» ընկերութեան տնօրէն Արման Սահակեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի ինքնառաջադրուած անդամ Մուրատ Գրիգորեան:


