Քոնկոյի Մէջ Հինգ Հայ Օդաչուներ Զոհուած Են

Շաբաթ լուսադէմին Քոնկոյի մայրաքաղաք Պրազավիլի օդակայանին մօտ արկածի ենթարկուած է «Իլ-76» բեռնատար օդանաւը, որուն անձնակազմին 7 անդամները զոհուած են: Անոնցմէ հինգը, ըստ նախնական տուեալներու, Հայաստանի քաղաքացի են:

Արկածը, դարձեալ ըստ նախնական տուեալներուն, տեղի ունեցած է անյաջող վայրէջքի պատճառով:

«Իլ-76» բեռնատար օդանաւը Պրազավիլ կ՛ուղղուէր Քոնկոյի երկրորդ մեծագոյն քաղաքէն` Փորթ Նուարայէն:

Share this Article
CATEGORIES