Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը
Մարաքեշի մէջ (Մարոք) տեղի ունեցող փինկ փոնկի Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ժընուպ Թուլ Լիբանանի համար կարեւոր իրագործում մը կատարեց` նկատի ունենալով, որ անիկա հանդիսացաւ առաջին խումբը (տղոց պարագային), որ կը հասնի կիսաւարտական հանգրուան:
Յաջորդական հինգ յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ժընուպ Թուլ գրաւելով իր խմբակին պարագլուխի դիրքը, քառորդ աւարտականին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նասըրը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Տղոց մրցաշարքին մասնակցող լիբանանեան երկրորդ խումբը` Նատուա Քամաթիէ, այժմ կը պայքարի 5-րդ դիրքին համար:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, իր կարգին Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա կը պայքարի 5-րդ դիրքին համար, մինչ Շապապ Ֆաուար Զղարթա` 9-րդ դիրքին համար:


