50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1962)

Միջպատանեկան Մրցումներ
Պուրճ
Համուտի Մէջ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Նոր Մարաշի Ռոստոմ պատանեկան միութեան կազմակերպած միջպատանեկան մրցումները, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, տեղի ունեցան շաբաթ 1 եւ կիրակի 2 դեկտեմբեր 1962-ին, Պուրճ Համուտի մէջ, հովանաւորութեամբ Միսիոն զովացուցիչ ընկերութեան, որ տրամադրած էր հինգ բաժակներ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ազգայնաշունչ մթնոլորտին մէջ, գաղափարական դաստիարակութիւն ստացող բազմահարիւր պատանիներ մեծ խանդավառութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան եւ հետեւեցան բոլոր մրցումներուն, ցուցադրելով ընկերական սքանչելի եւ գնահատելի ոգի:

Պասքեթպոլի զտումի մրցումները, շաբաթ եւ կիրակի, լարուած հետաքրքրութիւն մը ստեղծեցին պատանիներու մէջ:

Հաճելի մրցումներ եղան նաեւ փինկ փոնկի, վազքի եւ ֆութպոլի մրցաշարքերը:

Ռոստոմ պատանեկան միութիւնը վերոյիշեալ երեք մրցումներուն յաղթական դուրս եկաւ:

Մրցաշարքերուն գլխաւորը եւ պաշտօնականը տեղի ունեցաւ կիրակի երեկոյեան` ժամը 6:00-էն սկսեալ:

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի խաղավայրը, տօնական օրերու երեւոյթ մը ստացած էր: Պատանիներ, ընկերներ ու մարզասէր հասարակութիւն մը լեցուցած էր դաշտը: ՀՄԸՄ-ի սկաուտական նուագախումբը մէջ ընդ մէջ զինուորական քայլերգներ կը հնչեցնէր:

Պասքեթպոլի կիսաւարտի մրցումներուն, Էշրեֆիէի Ազատամարտ Բ. խումբը դիւրին յաղթանակ մը տարաւ Խանասորի դէմ` 44-29 արդիւնքով:

Ազատամարտի Ա. խումբը, աւելի արագ, ճկուն եւ ներդաշնակ, կրցաւ յաղթել ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի խումբին` 40-33 արդիւնքով:

Երկարատեւ ծափերու արժանացաւ քաղաքապետ ընկ. Յակոբ Աշճեանի դաշտ մուտքը: Սկաուտական նուագախումբի հնչեցուցած քայլերգէն ետք, յոտնկայս ունկնդրուեցաւ Լիբանանի ազգային քայլերգը:

Աւարտականի մրցումները սկսելէ առաջ, նուագախումբի քայլերգով, աւարտականի մնացած խումբերը, առաջնորդութեամբ կազմակերպիչ Ռոստոմ պատանեկան միութեան, տողանցք մը կատարեցին արժանանալով ծափերու: Տրամադրուած բաժակները դրուեցան պատուոյ սեղան:

Աւարտականի մրցումները սկսելէ առաջ, յոտնկայս, յարգանքի պահ մը անշարժ լռութիւն տիրեց ողբացեալ ընկերներ Գուրգէն Մխիթարեանի եւ Արամ Սահակեանի յիշատակին:

Ռոստոմ Պատանեկան Միութեան եւ Ազատամարտի Բ. խումբերուն միջեւ երկրորդական խումբերու աւարտականի մրցումը շատ հետաքրքրական եղաւ: Երկու հաւասար ուժերէն Ռոստոմի տղաքը բախտաւոր` 41-37 արդիւնքով յաղթական դուրս եկան:

Օրուան ամէնէն մեծ եւ սպասուած մրցումը տեղի ունեցաւ Բաբգէն Սիւնի պատանեկան միութեան Ա. եւ Ազատամարտի Ա. խումբերուն միջեւ: Քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, խանդավառ ծափերու մէջ, խաղի սկզբնաւորութեան գնդակը նետեց օդը: Մրցումը եղաւ գեղեցիկ խաղարկութեան մը ցուցադրութիւն: Ազատամարտի տղաքը յոգնած էին, ըրին իրենց կարելին: Բաբգէն Սիւնիի տղաքը փայլուն խաղարկութիւն մը ցոյց տուին: Աւելի արագ ու ներդաշնակ, յաղթանակը տարին` 46-36 արդիւնքով:

Հուռռաներու եւ ծափերու մէջ, Յակոբ Աշճեան, յաղթական խումբերու խմբապետներուն յանձնեց համապատասխան բաժակները:

Բազմահարիւր պատանիներու խանդավառ տրամադրութեան տպաւորութեան տակ, անոնց ներդաշնակ, կարգապահ ու եռանդուն գործունէութիւնը գնահատելով, իբրեւ քաջալերանք` Յակոբ Աշճեան 100 լ. ոսկի նուիրեց պատանեկան միութեանց:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Share this Article
CATEGORIES