Գիտական. «Երգող» Աւազաբլուրները…

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Վերջերս ֆրանսացի խումբ մը կենսաբնագէտներ յայտնած են, թէ աւազի հատիկներուն չափը կը ճշդէ աւազաբլուրներուն յառաջացուցած մռնչիւնին աստիճանը:

Տարիներ առաջ Մարքօ Փոլոն Չինաստանի մէջ եղած ատեն տարօրինակ գոռում մը կը լսէ հեռուն տարածուած հսկայ աւազաբլուրէ մը եւ զայն կը վերագրէ չար ոգիներու:

Սակայն ներկայիս մասնագէտներ հսկայ աւազաբլուրներէն յառաջացած այդ մռնչիւնը կը կոչեն «երգող աւազ»…: Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող կենսաբնագէտները բացատրած են, թէ երբ կարգ մը աւազաբլուրներու աւազի հատիկները դէպի զարիվար կը գլորին, ապա անիկա կը յառաջացնէ շա՜տ խուլ ու եղանակաւոր մռնչիւն մը, որուն արձագանգը տասնեակներով քիլոմեթր հեռաւորութենէն լսելի կը դառնայ:

Մասնագէտներուն մօտ երկար ատեն առեղծուած մնացած է, թէ ինչո՞ւ տարբեր աւազաբլուրներ տարբեր եղանակի ու աստիճանի մռնչիւններ կը յառաջացնեն:

Այսուհանդերձ, ֆրանսացի կենսաբնագէտները բացատրած են, թէ անպայմանօրէն աւազի հատիկներուն զարիվար գլորած ձեւը չէ, որ կը ճշդէ յառաջացած գոռումին աստիճանը, այլ` այդ հատիկներուն ունեցած տարբեր չափերը:

Խուլ` Մռնչիւն`
Միլիոնաւոր
Բախումներէ…

Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են երկու աւազաբլուրներ. մէկը` Մարոքի, իսկ միւսը` Օմանի  մէջ: Անոնք գտած են, թէ մինչ Մարոքի աւազաբլուրէն արձակուած մռնչիւնին աստիճանը հասած է 105 հըրծի (ձայնի աստիճանաչափ), Օմանի աւազաբլուրէն արձակուած մռնչիւնին աստիճանը եղած է 90-150 հըրծ:

Մասնագէտները յիսուն քիլոկրամ աւազ վերցուծած են Մարոքի աւազաբլուրէն, իսկ հարիւր  քիլոկրամ աւազ` Օմանի աւազաբլուրէն եւ վերադարձած են Փարիզի տարրալուծարանը` շարունակելու համար իրենց փորձարկումները: Այսուհանդերձ, անոնք տարրալուծարանին մէջ կազմած են փոքր աւազակոյտեր` ուսումնասիրելու համար աւազահատիկներուն չափն ու անոնց զարիվար գլորած արագութիւնը:

Ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ֆրանսացի մասնագէտ Սիմոն Տակուա Պոհի յայտնած է, թէ Մարոքի աւազին հատիկները գրեթէ ամբողջութեամբ համաչափ եղած են, իսկ Օմանի աւազին հատիկները տարբեր չափեր ունեցած են: Նման տուեալ մը հետեւցնել տուած է, թէ համաչափ աւազի հատիկներ ունեցող Մարոքի աւազաբլուրէն գրեթէ միատեսակ աստիճանի մռնչիւն լսուած է (105 հըրծ), իսկ տարբեր չափի աւազի հատիկներ ունեցող Օմանի աւազաբլուրէն տարուբերող աստիճանի (90-150 հըրծ) մռնչիւն լսուած է:

Մասնագէտները նշած են, թէ Մարոքի աւազին հատիկները համեմատաբար աւելի փոքր եղած են Օմանի աւազին ունեցած տարբեր չափի հատիկներէն: Այսուհանդերձ, Մարոքի աւազաբլուրէն համեմատաբար նուազ աստիճանի մռնչիւն լսուած է, քան` Օմանի աւազաբլուրէն:

Երբ մասնագէտները մաղած են Օմանի աւազին հատիկները, ապա ձեռք ձգուած համաչափ հատիկներէն արձակուած մռնչիւնին աստիճանը միատեսակ եղած է, ինչ որ հետեւցնել տուած է, թէ աւազի հատիկներուն չափը հակակշռած է մռնչիւնին աստիճանը:

Թէեւ մասնագէտներուն համար տակաւին ամբողջութեամբ յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս աւազի հատիկներ կրնան այնքա՛ն խուլ մռնչիւն յառաջացնել, սակայն անոնց տեսակէտը ա՛յն է, թէ երբ աւազի հատիկները միասնաբար զարիվար կը գլորին, ապա իւրաքանչիւր հատիկ կը բախի իր շուրջի հատիկներուն, ինչպէս նաեւ անիկա կը թաւալի անոնց շուրջ` ստեղծելով բախումներու անփոփոխ հոսանք մը: Այսուհանդերձ, համեմատաբար մեծ հատիկները իրարու շուրջ կը թաւալին դանդաղօրէն, իսկ փոքր հատիկները` արագօրէն:

Մասնագէտները նշած են նաեւ, թէ իւրաքանչիւր աւազի հատիկի ունեցած բախումը առանձնաբար լսելի չէ, սակայն երբ բոլոր հատիկները միեւնոյն ատեն իրարու կը բախին, ապա անիկա կը ստեղծէ միլիոնաւոր բախումներ, որոնցմէ կը յառաջանան եղանակաւոր մռնչիւններ:

(Օգտուած աղբիւր՝ «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»)

Share this Article
CATEGORIES