Գիտական. Այնշթայնին Ուղեղին Ունեցած Իւրայատուկ Կերտուածքը Կը Բացատրէ Անոր Հանճարեղ Կարողութիւնները

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

2010-ին ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ ձեռք ձգած են Այնշթայնին ուղեղին ամբողջական պատկերը ներկայացնող շարք մը լուսանկարներ, որոնց մէջ ծալքերու արտասովոր շարք մը յայտնուած է անոր ուղեղին տարբեր բաժիններուն մէջ:

Նման յայտնաբերում մը որոշ չափով բացատրած է Այնշթայնին հանճարեղ կարողութիւններով օժտուած ըլլալու իրողութիւնը:

Այնշթայն  կը մահանայ 1955-ին, եօթանասունվեց տարեկանին: Ամերիկացի ախտաբան Թոմաս Հարվէյ, որ անոր դիազննութիւնը կը կատարէ, կը վիրահատէ անոր ուղեղը ու կը պահէ զայն:

Մասնագէտ Հարվէյ տարբեր անկիւններէ կը լուսանկարէ Այնշթնայնին ուղեղը (տասնչորս լուսանկարներ), ապա հարիւրաւոր բարակ շերտեր կը կտրէ անոր տարբեր բաժիններէն եւ փոքր ապակիներու միջեւ կը տեղադրէ զանոնք:

Օրին մասնագէտ Հարվէյ նշեալ ապակիներէն քանի մը նմուշ միայն կը ներկայացնէ մասնագէտներու, իսկ ուղեղին լուսանկարները գաղտնի կը պահէ` Այնշթայնին ուղեղին մասին գիրք գրելու նպատակով:

Թէեւ մասնագէտ Հարվէյ կը սկսի գիրքին պատրաստութեան, սակայն կը մահանայ` նախքան զայն աւարտելը: Այսուհանդերձ, Այնշթայնին ուղեղին տասնչորս լուսանկարներուն գոյութիւնը տասնեակ տարիներ պահուած կը մնան: Սակայն 2010-ին մասնագէտ Հարվէյին ընտանիքը այդ լուսանկարները կը նուիրէ Ուաշինկթընի մէջ Առողջապահութեան ու բժշկական ազգային թանգարանին:

2011-ին նշեալ լուսանկարներուն ուսումնասիրութիւնը կը ստանձնեն խումբ մը մասնագէտներ, որոնք արդէն իսկ նախապէս որոշ ատեն մը զբաղած են Այնշթայնին ունեցած հանճարին ուսումնասիրութեամբ:

Ծալքերը Հսկայական Մակերես Կը Հայթայթեն
Մտային
Գործընթացներուն

Մասնագէտները յաւելեալ ծալքեր գտած են Այնշթայնին ուղեղին մոխրագոյն բաժինին մէջ:

Ծանօթ է արդէն, որ նշեալ բաժինը կը հակակշռէ գիտակցութեան հետ առնչուած գործընթացները:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ Այնշթայնին ուղեղին մոխրագոյն բաժինին յառաջամասը, որ առնչուած է վերացական մտածողութեան ու նախատեսութիւններու, ինչպէս նաեւ ծրագրումի հետ, ունի արտասովոր մեծութեամբ ծալք մը: Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ որքան հաստ ըլլայ ուղեղին մոխրագոյն բաժինին կերտուածքը, այնքան աւելի բարձր կ՛ըլլայ մարդոց մտային կարողականութիւնը:

Մարդկային ուղեղին ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներու կարծիքով, ուղեղին մոխրագոյն բաժինին մէջ եղող յաւելեալ ծալքերը կրնան հսկայական մակերես ստեղծել մտային գործընթացներուն համար` այդպիսով առիթ տալով ուղեղին բջիջներուն միջեւ յաւելեալ կապերու յառաջացման: Այսուհանդերձ, ծալքերու նման մակերեսի մը միջոցով կրնան կապեր յառաջանալ նաեւ ուղեղին հեռաւոր բաժիններուն միջեւ, ինչ որ կրնայ նպաստել տարբեր տեսակի խնդիրներու շատ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով լուծուելուն:

Այնշթայնին ուղեղին լուսանկարներուն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մարդաբան Տին Ֆոք հաւանական գտած է, թէ անոր ուղեղին մոխրագոյն բաժինին յառաջամասին մէջ յայտնուած արտասովոր մեծութեամբ ծալքը կրնայ նպաստած ըլլալ անոր գտնելու նշանաւոր յարաբերականութեան տեսութիւնը` նկատի ունենալով, որ նշեալ ծիրին մէջ Այնշթայն իր կատարած մտային փորձարկումներուն մէջ յաճախ ինքզինք պատկերացուցած է լոյսի ճառագայթի մը կողքին շրջագայիլը: Այսուհանդերձ, նման պատկերացում մը ունենալը ուղեղի մոխրագոյն բաժինի շատ աշխուժ յառաջամաս կ՛ենթադրէ, ինչպէս որ եղած է պարագան Այնշթայնին ուղեղին մոխրագոյն յառաջամասին:

Ինչ կը վերաբերի անոր ուղեղին տեսողութեան հետ առնչուած բաժիններուն, ապա անոնց մէջ եւս յայտնուած են յաւելեալ ծալքեր:

«Թէ՛ Բնութիւնը, Եւ Թէ՛ Կրթութիւնը…»

Մասնագէտ Ֆոք ըսած է, թէ Այնշթայնին ուղեղին աջ ու ձախ կողմնակի բաժինները բաւական անհամաչափ եղած են: Թէեւ ցարդ յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս նման երեւոյթ մը կրնայ առնչուած ըլլալ անոր հանճարին հետ, բայց եւ այնպէս պէտք է նշել, թէ ուղեղին նշեալ բաժինները գլխաւորաբար առնչուած են թուաբանական դատողութիւն կատարելու հետ:

Մասնագէտներու մօտ յաճախ տեղ գտած է ա՛յն հարցադրումը, թէ արդեօք Այնշթայնին ուղեղը ի ծնէ՞ արտասովոր եղած է, թէ՞ տարիներ շարունակ բնախօսութեան մասին խորհրդածելն է, որ այդքան իւրայատուկ դարձուցած է անոր ուղեղը:

Մասնագէտ Ֆոքի համաձայն, նշեալ երկու տուեալներն ալ ունեցած են իրենց դերակատարութիւնը: «Թէ՛ բնութիւնը, եւ թէ՛ կրթութիւնը…», ըսած է ան:

Մասնագէտ Ֆոք աւելցուցած է նաեւ, թէ Այնշթայն ծնած է շատ յատուկ ուղեղով մը, ինչպէս նաեւ ան իր կեանքին ընթացքին ունեցած է այնպիսի՛ փորձառութիւններ, որոնք առիթ տուած են անոր զարգացնելու իր ունեցած ներքին կարողականութիւնը:

1999-ին Այնշթայնին ուղեղին ուսումնասիրութեամբ զբաղող այլ մասնագէտ մը` Սանտրա Ուիթըլսըն յայտնած է, թէ անոր աջ ուղեղին կողմնակի բաժինը ունեցած է յաւելեալ ծալք մը, որ կա՛մ յառաջացած է անոր ծինային կերտուածքներուն դրսեւորուած եղանակէն եւ կամ ալ` տակաւին չծնած:

Օրին մասնագէտ Ուիթըլսըն ըսած է, թէ Այնշթայնին ուղեղին մեծ եւ կամ փոքր ըլլալուն մէջ չէ անոր հանճարը: Ան նշած է, թէ Այնշթայնին ուղեղը ունեցած է այնպիսի՛ իւրայատուկ կերտուածք, որ ուշագրաւ կերպով տարբեր եղած է ցարդ ուսումնասիրուած մեծ թիւով մարդկային ուղեղներու ունեցած կերտուածքէն:

 

(Օգտագործուած աղբիւր՝ «Լայվ Սայընս»)

Share this Article
CATEGORIES