Գիտական. Ընդհանրական Ջերմացումը Կը Վտանգէ Սրճենիներուն Գոյութիւնը

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նոյեմբերի սկիզբը բրիտանացի խումբ մը բուսաբաններու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ ընդհանրական ջերմացման յառաջացուցած կլիմայական փոփոխութիւններուն պատճառով կրնայ լրջօրէն վտանգուիլ կարգ մը  տեսակի սրճենիներուն գոյութիւնը:

Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացուցած են գլխաւորաբար վայրի սրճենիներուն բնական միջավայրը հանդիսացող հարաւային Սուտանի ու Եթովպիոյ վրայ: Անոնց համաձայն, քսանմէկերորդ դարու վերջաւորութեան ընդհանրական ջերմացման պատճառով կրնայ անհետացած ըլլալ սրճենիներու աճման բնական միջավայրերուն 65-99 առ հարիւր համեմատութիւնը:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ տարբեր տեսակի սրճենիներ շատ դիւրաւ կ՛ազդուին ջերմաստիճանի նուազագոյն փոփոխութենէն ու խոնաւութենէն  եւ անոնց ծինային կերտուածքը պէտք եղած կարողութիւնը չ՛ընձեռեր` իրենք զիրենք պաշտպանելու կլիմայական փոփոխութիւններէն  կամ այլ տեսակի սպառնալիքներէ (օրինակ` համաճարակէ ու հիւանդութիւններէ):

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, վերջերս սուրճի հատիկներուն հունձքին տարողութիւնը արդէն իսկ որոշ անկում կրած է տարբեր պատճառներով, գլխաւորաբար` փայտահատութեան իբրեւ հետեւանք անհետացող հսկայ անտառներուն պատճառով:

Քարիւղէն Ետք` Երկրորդը…

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները ո՛չ միայն շօշափելի տուեալներու հիման վրայ որոշ նախատեսութիւններ կատարած են, այլ անոնց նպատակը եղած է նաեւ իրենց յայտնած մտահոգութիւնը իբրեւ մեկնակէտ ծառայեցնել անհրաժեշտ միջոցառումներու նախաձեռնելու ծիրին մէջ: Այսպէս օրինակ, անոնք նախաձեռնած են այլ ուսումնասիրութեան մը, որուն մէջ փորձած են գտնել ընդհանրական ջերմացման պատճառով կլիմայական ուշագրաւ փոփոխութիւններ չկրած այնպիսի միջավայրեր, որոնց մէջ կարելի ըլլայ նպաստաւոր պայմաններու մէջ սրճենիներ աճեցնել` պահպանելով անոնց հունձքին որակն ու քանակը:

Ծանօթ է արդէն, որ արդիւնաբերութեան ծիրին մէջ սուրճը ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ: Այսուհանդերձ,  քարիւղէն ետք անիկա երկրորդ դիրքի վրայ է աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի վաճառուող իրերու շարքին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա հսկայական եկամուտ կ՛ապահովէ բազմաթիւ երկիրներու եւ, ոմանց պարագային, անոնց տնտեսական վերելքին գլխաւոր ազդակը կը հանդիսանայ:

Եթովպիացի մասնագէտ Թատէս Ուոլտեմարիամ Կոլ ըսած է, թէ սուրճին արտադրութեան տարողութիւնն ու որակը բարձր պահելու համար անհրաժեշտ է, որ Եթովպիոյ եւ կամ այլ երկիրներու մէջ հաստատուած սուրճին ծինային աղբիւրները պահպանող պահեստները բծախնդրօրէն գործածուին եւ պատշաճօրէն օգտագործուին:

Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ փորձած են կլիմայական տարբեր նախատիպեր ստեղծել համակարգիչի վրայ եւ իւրաքանչիւր նախատիպի յառաջացուցած համապատասխան փոփոխութիւնները նախատեսել Եթովպիոյ տարբեր միջավայրերուն մէջ: Այսուհանդերձ, գրեթէ բոլոր նախատիպերն ալ ժխտականօրէն ազդած են վայրի սրճենիներուն քանակին ու որակին վրայ:

Յարմարագոյն Միջավայրերու
Ընտրութիւնը` Անհրաժեշտ

Ընթացիկ տարուան մէջ մասնագէտները այցելած են նաեւ Եթովպիոյ ու հարաւային Սուտանի կարգ մը շրջաններ եւ մանրամասնօրէն սերտած են այնտեղ տիրող կլիմայական պայմանները, որոնց պարզած պատկերը նախատեսել տուած է, թէ այնտեղ աճող սրճենիներուն տեսակը կրնայ անհետանալ մինչեւ 2020 թուական: Նման նախատեսութիւն մը բաւական իրապաշտ կը թուի` տրուած ըլլալով, որ կլիմայական փոփոխութիւններուն պատճառով այնտեղ աճող սրճենիները արդէն իսկ բաւական խեղճ վիճակի մէջ կը գտնուին. այսպէս, օրինակ, մեծ տարողութեամբ անհետացած են հասուն սրճենիներու նմուշները, ինչպէս նաեւ ուշագրաւ կերպով դանդաղած է անոնց ծաղկման ու պտղաբերութեան գործընթացները: Մասնագէտները նկատած են նաեւ, թէ նորատունկ սրճենիները գրեթէ չեն աճած` հակառակ տրուած անհրաժեշտ խնամքին:

Մասնագէտ Կոլ ըսած է, թէ նշեալ միջավայրերուն մէջ տեղի ունեցող կլիմայական փոփոխութիւնները ազդած են ո՛չ միայն սրճենիներուն վրայ, այլ նաեւ` այնտեղերը աճող տարբեր բոյսերուն ու ծառերուն, ինչպէս նաեւ անասուններուն վրայ:

Մասնագէտները նշած են, թէ ընդհանրական ջերմացման պատճառով սրճենիներու աճին նպաստող յարմարագոյն պայմաններու ստեղծումը սկսած է հետզհետէ դժուարանալ աշխարհի տարածքին տարիներէ ի վեր սրճենիներ աճեցնող տարբեր միջավայրերուն մէջ:

Այսուհանդերձ, անոնք հետամուտ են, որ վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները նպաստեն մշակման այնպիսի՛ ծրագիրներու, որոնք կը բարելաւեն  սուրճին արտադրութիւնը ու կը պահպանեն անոր որակը: Անոնց համաձայն, ընդհանրական ջերմացումէն նուազագոյն տարողութեամբ ազդուող, ինչպէս նաեւ սրճենիներուն աճին նպաստող յարմարագոյն միջավայրեր ընտրելն ու սուրճին արտադրութիւնը գլխաւորաբար այդ միջավայրերուն մէջ կեդրոնացնելը կրնայ լաւապէս պահպանել տարբեր տեսակի սրճենիները եւ, այդպիսով, երկարաձգել անոնց արդիւնաւէտ արտադրութիւնն ու նուազեցնել անոնց գոյութեան սպառնացող վտանգին տարողութիւնը:

Մասնագէտները նշած են, թէ որքան կանուխ տեղի ունենայ նշեալ ծիրին մէջ մշակուող ծրագիրներուն գործադրութիւնը, այնքան աւելի արդիւնաւէտ կը դառնայ այդ ծրագիրները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES