Հայեցի Առողջ Մթնոլորտ Նոր Ատանա Թաղամասին Մէջ
Անցնող շաբաթավերջին Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասը արտակարգ եռուզեռ մը ապրեցաւ շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով: Եկեղեցւոյ թաղականութեան շուրջ բոլորուած ազգային միաւորները` Ազգային Աբգարեան վարժարանը, եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, Ատանայի հայրենակցական միութիւնը, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» եւ «Կարինէ» մասնաճիւղերը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի սկաուտները, «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնը, ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» եւ «Րաֆֆի» մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի գրատարածը, «Հայ Ֆուտ»-ը եւ «Բարեւ փոքրիկներ» մանկապատանեկան խումբը հայեցի առողջ մթնոլորտ մը ստեղծեցին շրջանին մէջ:
Ստորեւ տրուած նկարները խօսուն վկաները կը հանդիսանան այդ մթնոլորտին:
CATEGORIES Գաղութային






