Անդրադարձ- Տարակարծիք Չեմ (Յստակացում` Վաչէ Բրուտեանի «Քաղաքացիական Հասարակութիւն. Ռազմավարութիւն Եւ Մարտավարութիւն» Յօդուածի Ակնարկին)

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Վաչէ Բրուտեան իր «Քաղաքացիական հասարակութիւն. ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն» յօդուածով մանրամասնութիւններ կը փոխանցէ Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը չորրորդ համաժողովի մասնակից երեք բանախօսերու ներկայացուցած կազմակերպութիւններու` Փինք, Հիումըն Ռայց Ուոչ եւ Օփըն Սոսայիթիի մասին եւ անոնց «յառաջդիմականութիւնը» կը մերժէ:

Տարակարծիք չեմ իր բերած փաստերուն` ինչ կը վերաբերի ի մասնաւորի Փինք, Հիումըն Ռայց Ուոչ եւ Օփըն Սոսայիթիի յաճախ երկդիմի կեցուածքներուն, սկզբունքազուրկ (կա՛մ այլ սկզբունքներով թելադրուած…) լռութիւններուն եւ մինչեւ իսկ քաղաքական ուղղակի թէ անուղղակի մեղսակցութեանց: Կը մնայ որ, առաջին, զոյգ կազմակերպութիւններուն հետապնդած նպատակները` մարդկային իրաւանց եւ բաց հասարակութեան պաշտպանութիւն, որպէս այդպիսին յառաջդիմական են, եւ, երկրորդ, իրենց բոլոր քննադատելի ու ժխտական կողմերով հանդերձ, զոյգ կազմակերպութիւններն ալ իրենց հետապնդած համամարդկային դատերուն մէջ ունեցած են նաեւ դրական ներդրում:

Ճորճ Սորոսի հրապարակային քննադատութիւնը` Ճորճ Պուշի քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Պարաք Օպամայի պաշտպանութիւնը ծանօթ են: Այս առարկայական իրողութիւնը ընդունիլը չի նշանակեր անտեսել, որ Սորոս համաշխարհային մակարդակով Մեծ Դրամագլուխի տիպար ներկայացուցիչներէն է, որուն հարստութեան կուտակումը հաւանաբար նոյնքան անպարկեշտօրէն եղած է, որքան անպարկեշտ է նոյնինքն Մեծ Դրամագլուխը:

Նոյնն է պարագան Փինք կազմակերպութեան, այն իմաստով, որ սեռային տեսակի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը իր էութեամբ յառաջդիմական կեցուածք է` անկախ անկէ թէ անոր յանձնառութիւնը ստանձնողները ի՛նչ հաշիւներով եւ ո՛ր ուղղուածութեամբ կը գործեն: Այս իմաստով, անձն ու նոյնիսկ կազմակերպութիւնը կարելի է, անհրաժե՛շտ է քննադատել, բայց ոչ` սեռային ինքնութեան ազատութեան իրաւունքը: Աւելցնեմ, որ Վաչէ Բրուտեան յստակօրէն կ՛ըսէ, թէ ինք հարց չունի սեռային ինքնութեան ազատութեան իրաւունքի հարցով, հետեւաբար այդ սկզբունքի յառաջդիմական բնոյթը հարցականի տակ չ՛առնուիր: Հաւանաբար իր քննադատութիւնը ուղղուած ըլլար Փինք կազմակերպութեան, որուն «յառաջդիմականութիւնը» անընդունելի կը համարէր, թէեւ այդ մասին մանրամասնութիւններ չկան իր յօդուածին մէջ:

Ամէնէն կարեւորը` իմ յօդուածիս երկրորդ բաժինը հիմնականօրէն քննադատական վերլուծման սեղմ փորձ մըն է այսպէս կոչուած «քաղաքացիական հասարակութեան» եւ, կարծեմ, բաւական յստակօրէն դիտել տուած եմ, որ կարելի չէ այս յղացքը զերծ պահել գաղափարախօսական ուղղուածութենէ: Նման «ապագաղափարախօսականութեան» որեւէ յաւակնութիւն ինքնին գաղափարախօսութիւն է, որուն, չեմ գիտեր, եթէ կ՛անդրադառնան Հայաստանի «քաղաքացիական հասարակութեան» ներկայացուցիչները, ինչպէս կը նշեմ յօդուածիս աւարտին: Այս իմատով ալ տարակարծիք չեմ Վաչէ Բրուտեանին «յառաջդիմականութիւնը» սահմանելու իր գաղափարախօսական ենթաբնագրային մեկնակէտով, որ, կը կրկնեմ, անհրաժեշտօրէն իր օրակարգին վրայ պէտք է ունենայ մարդկային իրաւունքներու, բաց հասարակութեան եւ սեռային ինքնութեան ազատութեան սկզբունքները, որոնք իրենց էութեամբ յառաջդիմական են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES