Կրկէսի Շան Գինը
ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Օգոստոս 2000, Եալթա (Խրիմ), Ուքրանիա:
Շրջապտոյտը կազմակերպողներուն կողմէ մեզի առաջարկուած էր այցելել կիրակնօրեայ շուկան: Լսելով, որ քաղաքին մէջ կայ գործող հայկական եկեղեցի, որոշեցինք կիրակին սկսիլ հայաշունչ Ս. պատարագով:
Մեր չգիտցած ռուսերէնով, հարց ու փորձով գտանք եկեղեցին: Դրան մուտքին աժան անուշահոտ բուրող կին մը ռուսերէնով մեզի կը փորձէր արգիլել եկեղեցի մտնել` ըսելով, թէ հայկական եկեղեցի է, եւ ոչ հայերուն մուտքը` արգիլուած… Իսկ երբ փորձեցի հայերէնով բացատրել, թէ հայ ենք, ինք մեզ չհասկցաւ… բայց տեղի տուաւ:
Թերեւս հեռաւոր եւ փոքրաթիւ գաղութներու համար բնական երեւոյթ է, բայց մեզի համար զարմանալի էր տեսնել Ս. պատարագ, որուն շարականներն ու աղօթքները կը կարդացուին ուքրանատառ ժամագիրքերէ… Բայց մեր զարմանքը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ պատարագիչ վարդապետը դարձաւ դէպի հաւատացեալները` սկիհը ձեռքին, ողջոյնը տալու, եւ նկատելով կնոջս ձեռքի նկարչական վիտէօ գործիքը, մոռցաւ իր բաշխելիք օրհնութիւնն ու ողջոյնը, աջ ձեռքը հեռացուց սկիհէն եւ խորանին վրայէն ցուցամատի շարժումով փորձեց հասկցնել, թէ նկարելը արգիլուած է:
Դրական տրամադրութեամբ ընկալեցինք այս բոլորը, պատարագի աւարտին եկեղեցիէն դուրս եկանք` մտածելով, թէ Ուքրանիոյ այս խուլ անկիւնը կարելի է գտնել խումբ մը հայեր, որոնք կը շարունակեն հայալեզու պատարագով պահել ազգային եկեղեցին:
Յամենայն դէպս այս չէր պատմութիւնը…
Հասանք կիրակնօրեայ շուկան, որ կը յիշեցնէր մեր «Վերնիսաժ»-ը, թերեւս` աւելի ընդարձակ, բայց «Վերնիսաժ»-ի մէջ կարելի չէ տեսնել բացօթեայ կրպակներուն դիմաց ներքնազգեստ չափող, փորձող, գնողներ… այստեղ կարելի էր:
Բայց այս ալ չէր պատմութիւնը…
Հաստաբուն ծառի մը տակ ծեր մարդ մը ծախու դրած էր իր շունը: Հսկայ, սրճագոյն, ազնուական տեսքով, հաստ ու մազոտ թաթերով, հանդարտ:
Կը փորձէի տրամաբանութեանս դիմել` կռահելու համար, թէ ո՛վ կրնայ գնել այս ծերացած շունը: Նկատեցի «100 տոլար» ցոյց տուող փոքր ցուցանակ մը` ծառին կոճղին գամուած, եւ աչքս հանդիպեցաւ անոր վրայ բարձր կախուած մեծադիր սեւ-ճերմակ հին պատկերի մը, ուր կ՛երեւէր հսկայ շունը` տակաւին «երիտասարդ», կրկէսին բեմին վրայ կանգնած, իսկ միւս կողմը` ծափահարող բազմութիւն, որուն կեդրոնը անկարելի չէր չնկատել համայնավար կուսակցութեան օրուան Ա. քարտուղար Պրեժնեւը:
Չեմ գիտեր, եթէ ծառին կողքին նստած, զառամած շան տէրը կարողացաւ ծախել փառաւոր անցեալի տէր այդ կրկէսի հսկայ շունը` իր պահանջած 100 տոլարին փոխարէն… Բայց գիտեմ, թէ այդ շան, տիրոջ, 100 տոլարի ցուցանակին եւ ծափահարող Պրեժնեւին պատկերը երկար ատեն մնաց մտքիս մէջ…
Մօտաւորապէս երեք տարիներ ետք յիշեցի այդ շան տեսարանը, երբ Ատհայի տօնի վաղ առաւօտեան կախաղան բարձրացուցին Իրաքի նախկին բռնապետը… Իսկ «Արաբական գարնան» այս օրերուն կարելի չէ ամէն օր չյիշել կրկէսի համար արդէն ծերացած եւ անյարմար այդ խեղճ շունը, որ իր շան կրկէսային խաղերը աւարտած, անպէտք նստած էր աղտոտ մայթին, ծախու դրուած իր իսկ տիրոջ կողմէ, որուն համար կրկէսին մէջ որքա՜ն պարած էր ժամանակին…
Արաբական քաղաքական կրկէսին մէջ իրենց դերերը աւարտած դէմքերը ծախուեցան մէկ առ մէկ, ոմանք աքսորի, ոմանք բանտի խուցերուն, իսկ ուրիշներ` աժան փամփուշտի… Ծախուեցան իրենց իսկ տէրերուն կողմէ, որոնք ժամանակին կերակրած, մարզած եւ փայփայած էին զիրենք` իրենց աճպարարական խաղերուն փոխարէն:
Ո՞վ գիտէ, թերեւս ճակատագիրը աւելի ողորմած էր ժամանակին խորհրդային աւագանիին ծափահարութեան արժանացած այդ շան հանդէպ, եւ թերեւս գտնուեցաւ գթասիրտ անցորդ մը, որ վճարեց այդ աննշան «փրկագին»-ը, տուն տանելով այդ ծեր անասունը` իր ամբողջ անցեալով… եւ ծափահարող Պրեժնեւի շրջանակուած սեւ-ճերմակ լուսանկարով…
Գահիրէ

