Դասագիրքերու Հետեւողութեամբ «Դիւրին Հայերէն» Մատենաշար. Մայրենի Բարբառ Դ. Գիրք

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Այս նոր վերամուտին հետ լոյս տեսաւ «Դիւրին հայերէն» մատենաշարին «Մայրենի բարբառ» դասագիրքին Դ. հատորը` կցուած նաեւ իր տետրակը` դասաւանդման բացատրութիւններով:

Աղաւնի Ֆստըգճեան եւ Կարօ Առաքելեան պատրաստած են Դ. գիրքը: Անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան տնօրէնութեան, մասնաւորաբար հայկական համայնքներու ծառայութեանց բաժանմունքի վարիչ-պատասխանատու Աստղիկ Չամքերթենին, որոնց օժանդակութեամբ հրատարակուած է այս դասագիրքը:

Նախորդ հրատարակութիւններուն նման, ամենայն նախանձախնդրութեամբ պատրաստուած է դասագիրքը, նիւթերու յատուկ դասաւորումով, որ կ՛ընդգրկէ ընթերցանութեան կապակցուած բառագիտութիւն, հարցարան, յետ ընթերցանութեան աշակերտին դասանիւթը ըմբռնած ըլլալու դիտաւորութեամբ:

Դասագիրքին հեղինակը` Աղաւնի Ֆստըգճեան, նկատի առած է հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները` յարմարագոյնը մատուցանելով աշակերտին: Մեր ազգային եւ հոգեւոր տօները, աւանդութիւնները, առակները, գեղարուեստական էջերը, Ցեղասպանութեան, հայոց պատմութեան դրուագներէն մէջբերուած բաժիններ, բոլորն ալ` ուսանելի եւ դիւրին հասկնալի ներկայացումով:

Էջերը նկարազարդուած են արուեստագէտ գեղանկարիչ Վիգէն Պերթիզլեանի վրձինով (մեծ մասամբ) եւ գեղանկարչուհի Լիւսի Մոմճեանի արուեստով: Կողքի ձեւաւորում` Սամուէլ Տեմիրճեանի:

Խմբագրական աշխատանքով Կարօ Առաքելեան ուշադիր եղած է թեմաներու դասաւորման` նիւթերու ընդգրկումի յաջորդականութեամբ: Միացեալ աշխատանք մը, երկար ամիսներու վրայ տարածուած, հաճելին եւ օգտակարը ներկայացնելու թարմատի աշակերտին: Լոկ դասագիրք մը չէ, այլ` հայ գրականութեան եւ գեղարուեստի ու պատմութեան ամփոփ ընծայում մը, որով աշակերտը կրնայ պարծենալ իր հայեցիութեամբ, հայոց լեզուն պահպանած ըլլալու հոգեկան գոհունակութեամբ: Վաղանցուկին պարծանքը չէ սա, այլ` մնայունը, յաւերժականը, հայ զաւակին մանկութենէն մինչեւ գիտակցութիւն ընկերացող յաւերժահունչ ղօղանջ, որուն առաջին արեւմտահայ երգողներէն եղած է Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր)` հնչեցնելով հայոց լեզուին առաջին երգը.

«Դուն առաջին վանկ շրթունքիս,
Առաջին ձայնն իմ հոգւոյս»։

Շարունակութիւնը` յիշեալ դասագիրքին առաջին էջին…

Նորա Բարսեղեան օգտակար եղած է գեղարուեստական խմբագրական աշխատանքով:

Կար ժամանակ, որ կը դժգոհէինք, թէ մեր դասագիրքերը ներկայանալի չեն, նկարազարդ չեն, եւ` այլ մեղադրանքներ: Այսօր ոչ մէկուն գիրքին ցանկանալու կարիքը ունինք: Այս է մեր մայրենի բարբառի դասագիրքը` նորոգուած ոճով եւ ընդունուած մեր վարժարաններէն: Հետեւաբար մեր ծնողներուն եւ աշակերտներուն կը մնայ արժեւորել եւ իմաստաւորել իրագործուած աշխատանքը, հեղինակներուն կողքին գօտեպնդողները, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը իր անվերապահ օժանդակութեան եւ մեծ նպաստին համար:

Դասագիրք մը, այո՛, որմէ կը սկսի հայանալու առաջին բաղձանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES