«Ամպերու Սիւն»-ը Նպաստաւոր Դուրս Եկաւ Միայն… Ուաշինկթընի Եւ Թեհրանի
ԱՆԹՈՒԱՆ ՀԱՅԷՔ
Իսրայէլեան բանակին կողմէ Կազայի վրայ շղթայազերծուած «Ամպերու սիւն» գործողութեան աւարտէն (զինադադարի շուրջ համաձայնութեամբ) անմիջապէս ետք, առնչութիւն ունեցող կողմերը սկսան իրենց շահերու եւ կորուստներու հաշուարկներ ընել: Հակամարտ ուժերու ապահովական ու զինուորական շրջանակներն ալ սկսան գետնի վրայ տիրող կացութեան հերձազննումին` հետեւցնելու համար սեփական ու հակառակորդ կողմի ուժի եւ տկարութեան երեսները:
Այս աշխատանքները ընթացքի մէջ են, սակայն ցարդ յստակ է, որ կացութիւնը հանդարտեցնելու համաձայնութիւնը նպաստաւոր է Համասի, որովհետեւ անոր մէկ կէտը կը նախատեսէ մեղմացնել Կազայի շրջափակումը (թոյլ տալով կենսական ապրանքներու եւ սննդանիւթի ու դեղորայքի մուտքը), իսկ միւս կէտը կը խոստանայ դադրեցնել Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան դիմադրութեան ղեկավարութեանց դէմ գործադրուող մահափորձերը: Ասոր դիմաց Իսրայէլ կորսնցուց իր բանակի վարկն ու հմայքը. թէեւ քաղաքացիներու եւ մանուկներու դէմ գործուած իսրայէլեան նախճիրները լայն արձագանգ չգտան, սակայն տարիներէ ի վեր փառաբանուող ու շեփորահարուող հրթիռային վահանի շառաչուն ձախողութիւնը տապալեց իսրայէլեան բանակի «տարհամոզիչ ուժ»-ի առասպելը, որովհետեւ անիկա չկրցաւ պաշտպանել Իսրայէլի ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող «խորք»-ը:
Միւս կողմէ կը թուի, թէ Մոսկուայի հետ մեծ առեւտրական համաձայնութեան մը պատրաստուող Ուաշինկթըն, աչալուրջ հետեւելէ ետք մանրամասն հաշուարկներու կ՛ենթարկէ հակամարտ ուժերու շահերն ու կորուստները: ՄԱԿ-ի շրջանակներ կը յայտնեն, որ Մոսկուայի հետ աւելի զօրաւոր դիրքէ բանակցելու կամ սակարկելու համար Ուաշինկթըն կը պատրաստուի Օպամայի նոր շրջանին իր վարչակազմի «աղաւնիներ»-ը փոխարինել «բազէ»-ներով: Ըստ նոյն շրջանակներուն, ամերիկացիք կը հաշուեն, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ անոր կառավարութեան անդամ ուժերը ի՞նչ շահած ու վնասած են մանաւանդ ներքին ճակատին վրայ: Մարտադաշտի միւս կողմը դիտել, ամերիկացիք կը հաշուեն ո՛չ միայն Կազայի կամ Համասի, այլ` ամբողջ «դիմադրութեան առանցք»-ի շահն ու վնասը: Հոս գլխաւոր վնասը կրած է Սուրիա, որ կորսնցուցած է պաղեստինեան շահաւէտ խաղաքարտը, երբ Համաս դուրս եկաւ Դամասկոսի հովանաւորութենէն: Բայց նոյնքան ճիշդ է, որ այդ խաղաքարտը ոչ ոք կրցած է իւրացնել ցարդ, որովհետեւ ճակատամարտին մէջ մեծ դեր ունէին Համասի զուգահեռ գործող դիմադրական կազմակերպութիւնները: Այս վերջինները ապացոյցը տուին, թէ կը գտնուին Իրանի շրջանային ազդեցութեան ոլորտին մէջ:
Հակառակ բոլոր հաշուարկներուն ու մեկնաբանութիւններուն, կասկածէ վեր է, թէ մեծագոյն տուժողը հանդիսացած է Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն: Նոյնիսկ եթէ ան չէ կորսնցուցած պաղեստինցիներուն դէմ ճակատամարտը, ան պարտուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի դիմաց, որովհետեւ այժմ անկարող դարձած է ճնշում բանեցնելու վերջինին վրայ Իրանի դէմ զինուորական գործողութեան պահանջով: Օպամա կրնայ մատնացոյց ընել Իրանի ապացուցուած շրջանային ազդեցութիւնն ու Իսրայէլի անոր դիմաց խոցելիութիւնը:
Շահերով դուրս եկած կողմերու շարքին կը դասուի նաեւ «իխուանական» (իսլամ եղբայրակցութիւն) Եգիպտոսը, որ վերագտաւ ազդեցիկ շրջանային դերակատարի իր դիրքը: Ճիշդ է, որ Գահիրէ միջնորդութիւնն ու բանակցութիւնը կը կատարէ Ուաշինկթընի անունով ու լիազօրութեամբ, բայց, հակառակ ասոր, ան որոշ ճնշում բանեցուց զինադուլի համաձայնութեան մէջ ներառելու պաղեստինեան կողմի կարգ մը իրաւունքները յարգող կէտեր, որոնք այդ կողմին կը շնորհեն նաեւ քաղաքական խաղաքարտեր. այս խաղաքարտերը պաղեստինցիք կրնան օգտագործել ապագային ձեւաւորելու երկարատեւ զինադադար, որ կրնայ տասնամեակներ տեւել: Հոս հարցականներ կան այն մասին, թէ Գահիրէ որքանո՞վ ինքնաբուխ էր պաղեստինցիներուն կողմը պաշտպանելու մէջ, եւ անոր կեցուածքը քաջալերուա՞ծ էր Նեթանիահուն պարտութեան մատնելու կարիքը զգացող Օպամայի վարչակազմին կողմէ: Ամէն պարագայի, երկարատեւ զինադադար մը անհրաժեշտ դարձած է բոլոր կողմերուն համար, որովհետեւ վերջին տարիներու զարգացումները կարմիր գիծերը անցնելով սկսած են սպառնալ շրջանային ուժերու ռազմավարական անվտանգութեան:
Մեծ շահաւորներէն են նաեւ Թեհրանը, եւ անոր ազդեցութեան տակ գտնուող ուժերը, որոնք կը գործեն Իսրայէլը շրջապատող գօտին կազմած պետութիւններուն մէջ: Իրանեան «Ֆաժըր Ե.» հրթիռը Կազայի վերջին ճակատամարտի անմրցակից «աստղ»-ն ու ախոյեանը հանդիսացաւ: Բարոյական ու քարոզչական այս շահէն աւելի կարեւոր ու նշանակալից է նաեւ քաղաքական շահը. արդարեւ, Իսրայէլէն աւելի «չափաւորական» արաբներու առանցքը խուճապի մատնուեցաւ` ի տես այդ հրթիռի արդիւնաւէտ գործածութեան: Այս երկիրները սկսան որոնել բացատրութիւն, թէ իրանեան կողմէ ինչպէ՞ս կրցաւ այս քանակութեամբ հրթիռներ հասցնել Կազա, հակառակ այդ շրջանին պարտադրուած իսրայէլեան ու եգիպտական կրկնակի շրջափակման: Այդ կողմերը, այս անակնկալէն արդարօրէն հետեւցուցին, թէ Թեհրան կրնայ այլ անակնկալներ ալ պատրաստած ըլլալ, եւ ունենալ «քնացած բջիջներ», որոնք նպատակայարմար պահուն կրնան սպառնալ «չափաւորական»-ներու ռազմավարական անվտանգութեան: Այդուհանդերձ, իրանեան անակնկալին ապահոված մեծագոյն շահը հանդիսացաւ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու ուղղուած այն պատգամը, թէ աւելի լուրջ եւ մանրակրկիտ հաշուարկներու պէտք է ենթարկել Թեհրանի դէմ զինուորական հարուածի որեւէ ծրագիր, անոնց մէջ ներառելով Կազայի ճակատամարտին երեւան եկածներուն նման անակնկալներ:
Ասոնք սկզբնական, նախնական արդիւնքներ են միայն: Կազայի վերջին ճակատամարտի արդիւնքները աւելի խորունկ եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան կարիքը ունին անկասկած: Այնուհանդերձ, Ուաշինկթընի վճռորոշ շրջանակներուն համար մէկ բան հաստատ է. ընտրութիւններու սեմին գտնուող Նեթանիահուի կառավարութիւնը մեծ վտանգներու դիմաց կը գտնուի, որովհետեւ իր պատճառած այս մեծ իրարանցումէն ոչ մէկ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արդիւնք կրցաւ ապահովել, հակառակը, իսրայէլացիներու այս մեծ սխալը, շրջանային գերզգայուն այս հանգրուանին բացայայտեց իրենց գլխաւոր տկարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց շեփորահարած ուժի կէտերուն ու առաւելութիւններուն ունայնութիւնը:
«Նաշրա»

