Հալէպ. Հայ Զոհ Մը Եւս` Պատահական Փամփուշտի Մը Պատճառով

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ անդրադառնալով Հալէպի ներկայ իրավիճակին նշեց, որ քաղաքին մէջ ոչ մէկ նկատելի փոփոխութիւն կայ իրողական առումով, սակայն ռմբակոծման եւ պայթումներու ձայները գրեթէ մնայուն կերպով կը լսուին: Թէեւ մարտերը եւ ընդհարումները կեդրոնական թաղամասերուն մէջ չեն ընդհանրապէս, սակայն ծայրամասային շրջաններու մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն շուրջ լրատուական յայտարարութիւնները կը նշեն, որ բանակը Պոսթան փաշայի շրջանին մէջ յառաջխաղացք արձանագրած է: Կարգ մը թաղամասերու մէջ դիպուկահար արձակազէններու վտանգը կը մնայ առկայ, ինչպէս նաեւ հրասանդի հրթիռներու աւերը` ամէնուրեք:

«Այս ծիրին մէջ կիրակի յետմիջօրէին ունեցանք պատահական փամփուշտի զոհ հայ տիկին մը եւս` Մարիեթ Տոշօղլանեան-Պաճաքեան:

Սակայն այս բոլորով հանդերձ գաղութը կ՛աշխատի ամրօրէն կուրծք տալ օրըստօրէ աւելի շեշտակիօրէն իր դիմաց ցցուող զանազան դժուարութիւններուն` շնորհիւ Ազգային իշխանութեան, պատկան մարմինին եւ առաջնորդ սրբազան հօր աչալուրջ տնօրինումներուն, անկասկած զօրացած սփիւռքի ազգակիցներու, հայրենի ժողովուրդի ու պետականութեան եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ իր գահակալին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին զօրակցութեամբ», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:

Share this Article
CATEGORIES