Բրիտանիա Եւ Ֆրանսա Բնակեցման Վայրերու Ընդլայնման Որոշումին Հարցով Իսրայէլացի Դեսպանները Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կը Կանչեն

Բրիտանիա եւ Ֆրանսա իսրայէլացի դեսպանները արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեցին` իբրեւ բողոք Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերու մէջ երեք հազար նոր տուներ կառուցելու Իսրայէլի որոշումին դէմ:

Բրիտանիա յայտնեց, որ իսրայէլեան քայլը կասկածի տակ պիտի առնէ «պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութիւն հաստատելու Իսրայէլի յայտարարած յանձնառութիւնը»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Իսրայէլի կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը եւ սպառնաց «ուժեղ հակազդեցութիւն» ցուցաբերել, եթէ բնակարաններ կառուցելու ծրագիրը յառաջ մղուի:

«Մենք կը դատապարտենք 3000 բնակարաններ կառուցելու եւ «Ի1» պլոքի զարգացումը ապասառեցնելու իսրայէլեան կառավարութեան վերջին որոշումը: Ասիկա երկու պետութիւն լուծումի գոյատեւումը կը վտանգէ»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Լալիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Փարիզի մէջ Իսրայէլի դեսպանը երկուշաբթի առաւօտեան արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, որ Փարիզ այս հարցով Իսրայէլի հետ «պատժամիջոցներու մտածելակերպին մէջ չ՛ուզեր մտնել»:

Նախապէս իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Բրիտանիա եւ Ֆրանսա Թել Աւիւի մէջ իրենց դեսպանները տուն կանչելու կարելիութիւնը կը քննարկեն:

Ֆրանսական կառավարութիւնը այդ զեկուցումը անկարեւոր նկատեց: Արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ «մեր անհամաձայնութիւնը արտայայտելու այլ ձեւեր կան»:

Շուէտ իր կարգին Իսրայէլի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց:

Ռուսիա իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իսրայէլեան իշխանութեանց կոչ ուղղեց «հրաժարելու բռնագրաւուած պաղեստինեան հողամասերուն վրայ բնակեցման նոր վայրեր կառուցելու ծրագիրներէն եւ վերատեսութեան ենթարկելու Պաղեստինեան իշխանութեան սպասած տուրքերու եկամուտը սառեցնելու որոշումը»` նշելով, որ «իսրայէլեան որոշումները պատասխան էին ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի ներկայացուցչութեան մակարդակի բարձրացման»:

Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Սայպերթ յայտնեց, որ «Իսրայէլ բանակցելու իր կամքին նկատմամբ հաւատքը կ՛ականահարէ, իսկ պաղեստինեան ապագայ պետութեան աշխարհագրական տարածքը, որ երկու պետութիւն լուծման հիմնաքարը պէտք է ըլլայ, կը չքանայ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն վստահութիւն յայտնեց, որ «եթէ իսրայէլեան կողմը, հակառակ այս բոլորին, կեանքի կոչէ իր ծրագիրը, ապա ատիկա մահացու հարուած պիտի ըլլայ Պաղեստինի հետ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթին»:

Բացի ատկէ, ընդհանուր քարտուղարը կողմերուն կոչ ուղղեց վերադառնալու բանակցութեան սեղանին շուրջ եւ կարելի եղածին չափ շատ ջանքեր գործադրելու հակամարտող կողմերը գոհացնող, արդար եւ կայուն խաղաղութիւն կնքելու համար:

Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախապէս յայտարարեց, որ հակառակ քննադատութիւններուն «պիտի շարունակենք կառուցել Երուսաղէմի մէջ եւ այն բոլոր վայրերուն մէջ, որոնք Իսրայէլի ռազմավարական շահերու քարտէսին վրայ կը գտնուին»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES