Հունգարիոյ Մէջ «Վտանգաւոր Հրեաներու Ցուցակ»-ին Դէմ Բողոքի Ցոյց
«Առ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Պուտափեշթի մէջ 2 դեկտեմբերին շուրջ տասը հազար մարդ մասնակցած է Յանուն աւելի լաւ Հունգարիոյ ազգայնական կուսակցութեան ղեկավար Մարթոն Տիոնտիշիի «հրէական ցուցակի» դէմ բողոքի ցոյցին:
Ցոյցին պատճառը հունգարական կառավարութեան կազմին մէջ գտնուող հրեաներու ցուցակ կազմելու Մարթոն Տիոնտիշիի առաջարկն էր: Ըստ Տիոնտիշիի, անոնք «կրնան երկրին կառավարութեան համար վտանգ ներկայացնել»:
Ցոյցի մասնակիցներու պահանջներուն շարքին Տիոնտիշիի հրաժարականն էր: Ցոյցին մասնակցած են նաեւ նախարարներ, քաղաքական ընդդիմադիր գործիչներ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դեսպանները: Տիոնտիշի ներում հայցած է, սակայն մերժած է խորհրդարանական իր աթոռէն հրաժարիլ:
24 նոյեմբերին Տիոնտիշին Հունգարիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած էր` կազմելու ցուցակը իշխանութեան մօտիկ այն հրեաներուն, որոնք Հունգարիոյ անվտանգութեան վտանգ կը ներկայացնեն: Առաջարկը ներկայացուած է Իսրայէլի նիւթով խորհրդարանական քննարկումներուն ժամանակ:
Ի պատասխան Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնիի ելոյթին, որ աջակցած էր Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման, Տիոնտիշի յայտարարած էր, որ «ժամանակն է» Հունգարիոյ համար վտանգ ներկայացնող հրեաներու ցուցակ կազմելու:
Յանուն աւելի լաւ Հունգարիոյ կուսակցութիւնը երկրին 386 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ 47 աթոռ ունի եւ երեք աթոռ ալ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:

