Հակադարձելով Քլինթընի «Խիստ Ոճի Զգուշացումին»` Սուրիա Կը Յայտարարէ, Որ Իր Ժողովուրդին Դէմ Որեւէ Պայմանի Տակ Քիմիական Զէնք Պիտի Չօգտագործէ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ սուրիական վարչակարգին «խիստ ոճի զգուշացում մը» փոխանցեց քիմիական զէնքերու իր ժողովուրդին դէմ օգտագործման հարցով` յայտնելով, որ «այդ մէկը Միացեալ Նահանգներու համար կարմիր գիծ մըն է»:
Ան աւելցուց, որ «անգամ մը եւս շատ խիստ զգուշացում մը կը փոխանցենք Ասատի վարչակարգին, թէ իր վարմունքը ամօթալի է, իր ժողովուրդին դէմ իր արարքները ողբերգութիւն կը յառաջացնեն»:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մերձաւորներէն Մանաֆ Թլաս բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Ասատը վարչակարգի տապալման վերջին օրերուն կրնայ ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնք օգտագործել:
«Ո՞ւր, ինչպէ՞ս քիմիական զէնք պիտի օգտագործէ, չեմ գիտեր, սակայն ժողովուրդին դէմ օդուժ ու հրասայլեր օգտագործեց: Հետեւաբար, քիմիական զէնքի օգտագործումն ալ նոյն տրամաբանութեան շարունակութիւնը պիտի ըլլայ: Երբ անկումը մօտ ըլլայ, կրնայ նաեւ քիմիական զէնք օգտագործել», ըսած է ան:
Թլաս, որ ժամանակին Ասատի ընտանիքի մտերիմներէն եղած է, ըսած է, որ Պաշշար Ասատ միշտ Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին եղած է եւ սիրած է ժողովուրդին հետ կապ հաստատելը: «Երբ փողոցներուն մէջ ցոյցերը սկսան, գուշակել անգամ չէի կրնար, որ ժողովուրդին հետ այդպէս պիտի վարուի», ըսած է Ասատի հին ընկերը:
Ան նաեւ յայտարարած է, թէ եթէ Սուրիայէն չհեռանար, ապա պիտի սպաննուէր, իսկ հեռանալու հարցին մէջ իրեն Սուրիական ազատ բանակը օգնած է:
Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութիւն պէտք է կատարուի, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի նման պետութիւններ պէտք է զէնք մատակարարեն, սակայն այնպէս, որ անոնք ծայրայեղականներուն ձեռքը չյայտնուին:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը` հակադարձելով Քլինթընի յայտարարութեան, երէկ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիա իր ժողովուրդին դէմ որեւէ պայմանի տակ պիտի չօգտագործէ քիմիական զէնք, «եթէ ատիկա գոյութիւն ունի»: Ան նշած է, որ Սուրիա այդ մէկը բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է:
Աղբիւրը ըսաւ, որ Սուրիա իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ եւ կը պայքարի իր ժողովուրդին հետ Քայիտայի հետ կապ ունեցող ահաբեկչութեան դէմ, որ ծանօթ երկիրներու, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը կը վայելէ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը որեւէ պահու կրնայ տապալիլ` նշելով, որ «ճակատամարտը ներկայիս Դամասկոսի մէջ է եւ յստակ է, որ սուրիական ընդդիմութիւնը քաղաքական եւ զինուորական գետնի վրայ յառաջխաղացքի մէջ է»:
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ թուրք-սուրիական Պապ Հաուա սահմանային անցքի կէտին մօտակայքը դարձեալ Սուրիոյ տարածքէն արձակուած ռումբեր ինկած են:
Ռումբերը պայթած են բաց տարածքներու մէջ եւ չեն հասած մօտակայ Ռէյհանլը շրջանի բնակավայրերուն: Նախնական տուեալներով` անոնց թիւը հինգէն աւելի եղած է:
Թրքական ապահովական ուժերը հետաքննութեան սկսած են եւ տեղեկացուցած են, որ ռումբերու ինկած վայրերուն մէջ մարդկային եւ նիւթական վնասներ չկան:
Սակայն թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ սուրիական կառավարական օդուժը երէկ առաւօտ դարձեալ ռմբակոծած է Թուրքիոյ Ճէյլանփընար բնակավայրին սահմանամերձ սուրիական Ռասուլ Այն քաղաքը: Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի, տեղւոյն վրայ մեծաթիւ զոհեր արձանագրուած են, սակայն յստակ տուեալներ տակաւին չկան:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Ռասուլ Այնը 8 նոյեմբերէն ի վեր ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ է, սակայն վերջին երեք օրերուն ընթացքին անիկա ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի կառավարական օդուժին կողմէ:
Ռմբակոծումը սկսած է առաւօտեան ժամը 10:20-ի սահմաններուն մէջ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, սահմանը պաշտպանելու նպատակով օդ բարձրացած են նաեւ թրքական կործանիչներ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ի կողմէ Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայումը «քանի մը շաբաթ պիտի պահանջէ»:
Ան ըսաւ, որ «նոյնիսկ եթէ ՕԹԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարները երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած իրենց ժողովին ընթացքին այս հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն, ապա «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներու անմիջական տեղակայում տեղի պիտի չունենայ»:


