Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը: Կը նախատեսուի, որ նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի անմիջապէս մեկնի Իտալիա:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ճակատագիրին գծով մտավախութիւն յայտնեց: Ան ըսաւ, որ պատերազմին պատճառով Իրաքի քրիստոնեաները գաղթած են, իսկ ներկայիս նոյն ճակատագիրին ենթարկուած են Եգիպտոսի ղպտիները: Զօր. Աուն շեշտեց, որ այս մտահոգութիւնը զգացական տեսակէտ մը չէ, այլ ճշմարտութիւն է եւ շօշափելի փաստերու վրայ հիմնուած պատմական երեւոյթ մը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Պաղեստինեան իշխանութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի` ՄԱԿ-ի կողմէ Պաղեստինը իբրեւ դէտի կարգավիճակով պետութիւն ճանաչումին առիթով:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այսուհետեւ թշնամիին դիմադրութիւնը պիտի ըլլայ միջազգային դատարաններուն մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ցաւ յայտնեց, որ Թրիփոլիէն տղաք սպաննուած են Սուրիոյ դէպքերուն ընթացքին: «Հակառակ անոր որ մենք կը զօրակցինք սուրիացիներու շահերուն, սակայն մենք կը մերժենք լիբանանեան զինուորական որեւէ միջամտութիւն», ըսաւ ան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենց կեցուածքը յստակ է եւ ան ուղղուած է պոյքոթի ենթարկելու որեւէ աշխատանք, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ լիբանանեան կառավարութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ եթէ դատական իշխանութիւններուն կողմէ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի մասին որեւէ թղթածրար փոխանցուի իրեն, ապա ինք լրջօրէն պիտի սերտէ այդ թղթածրարը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մտածեն մասնակցիլ ընտրական օրէնքի մշակման յատուկ խորհրդարանական նիստերուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Օքապ Սաքըր հաստատեց, որ իրեն վերագրուող հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ճիշդ են` աւելցնելով, որ ինք հպարտ է իր կատարած աշխատանքով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած է` կանխարգիլելու համար ապահովական որեւէ միջադէպ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի Պէյրութէն Լոնտոնի ճամբով մեկնեցաւ Ուաշինկթըն:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հուտ յայտնեց, որ երեսփոխան Օքապ Սաքըրը ամբաստանողները յուսախաբ դուրս պիտի գան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ զէնքը զէնք կը ծնանի` աւելցնելով, որ շէյխ Ահմետ Ասիրի երեւոյթը Հըզպալլայի ծայրայեղականութեան հակազդեցութիւնն է:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական միջոցառումները տիւ եւ գիշեր առկայ են եւ ինք ապահովական միջադէպերու առումով ոչ մէկ մտահոգութիւն ունի:

