Ֆրենժիէ. «Կ՛աշխատինք Զահլէի Մէջ Համախոհութիւն Գոյացնել»

Մարատա հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի Պեքաայի ներկայացուցիչներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որոնց ներկայութեան կոչ ուղղեց դաշնակից ուժերուն հետ յաւելեալ գործակցութեան` իրականացնել կարենալու համար Մարատա հոսանքին նպատակները:

«Մենք կ՛աշխատինք Զահլէի մէջ համախոհութիւն գոյացնել, այն մտավախութեամբ, որ Զահլէ կրնայ իր դատը կորսնցնել», շեշտեց Ֆրենժիէ:

Ան շեշտեց, որ Մարատա հոսանքը կը վայելէ թէ՛ իր դաշնակիցներուն եւ թէ՛ հակառակորդներուն յարգանքը` իր անկեղծութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES