Նախարար Սապունճեան Վերստին Կոչ Ուղղեց Երեսփոխաններուն` Առեւտուրի Ծիրին Մէջ Նկատի Ունենալու Օրէնսդրութեան Բարեփոխումը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անգամ մը եւս կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն` առեւտուրի ծիրին մէջ նկատի ունենալու օրէնսդրութեան բարեփոխումը, ինչպէս` ճարտարարուեստի հասութաբեր արտադրութիւններուն պարագային տուրքերու 50 առ հարիւրի նուազեցման կարելիութիւնը:

Ան շեշտեց, որ նման օրէնքի մը վաւերացման պարագային կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանը վերածել ճարտարարուեստի մարզին պարագային ներդրումներու երկրի մը եւ հետեւաբար աշխատանքի լայն դաշտ մը ապահովել լիբանանցիներուն:

Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ այս օրէնքը շահաբեր է լիբանանցի գործարարներուն, առեւտրականներուն եւ ներդրողներուն համար: Ան մերժեց նման օրէնքներու վաւերացումը ձգձգել` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է երկրին տնտեսական բոլոր թղթածրարները լուծել, որովհետեւ տագնապները արագ կ՛ընթանան եւ մարտահրաւէրները կ՛ուռճանան:

Անդրադառնալով խորհրդարանի աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած երեսփոխաններուն կեցուածքին` Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը իր բոլոր մարզերով կարիքը ունի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն զօրակցութեան:

«Օրէնսդրութիւնը եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերուն լուծումը երեսփոխանի մը պարտականութիւնն է եւ ազգային գիտակցութիւնը», եզրափակեց Սապունճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES