Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան

ԸՆկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Ղազի Արիտի, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր, երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարները ներկայացուցին պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի  նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ կարելի չէ բոլոր հարցերուն վերաբերեալ կատարեալ համախոհութիւն գոյացնել, որովհետեւ Լիբանան ժողովրդավարական երկիր է: «Բայց եւ այնպէս, մենք բոլորս պէտք է երկիրը պաշտպանենք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ ըստ էութեան արդէն համաձայն ենք», ըսաւ ան:

Արիտի դիտել տուաւ, որ սկզբունքով Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը համաձայն է Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան հետ, սակայն պէտք է յստակացնել այդ նախաձեռնութեան գործադրութեան միջոցները:

Արիտի ընդգծեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ հետեւողական հանդիպումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Ժեմայէլ ըսաւ, որ ինք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութեան ներկայացուցած նախաձեռնութեան բովանդակած կէտերուն մեծ մասին համաձայն գտնուած է, յատկապէս դրական չէզոքութեան կեցուածքին:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շարունակել այդ հանդիպումները` աւելցնելով, որ երկկողմանի հանդիպումներէն բացի իրենք ոչ մէկ այլընտրանք ունին:

«Պայման չէ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ «ամուսնալուծում» արձանագրուի եւ ոչ ոք Լիբանանի գոյատեւման շուրջ կրնայ տարակարծիք ըլլալ: Անհրաժեշտ է լիբանանցիներուն միջեւ հասարակ յայտարարներ գտնել` երկրին ապագան կերտելու համար», նշեց Ժեմայէլ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանին սպառնացող շարք մը վտանգներ կան, զորս պէտք է դիմագրաւել եւ գործնական արդիւնքներու յանգիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES