Սահնաուի Կը Մերժէ Լիբանանցիներուն Անձնականութիւնը Բացայայտել

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի խստիւ մերժեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ ներկայացուած այն պահանջը, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը

լիբանանցիներուն բջիջային հեռաձայնի կարճ նամակներուն բովանդակութիւնն ու  Պլեքպըրիի եւ Դիմատետրի վերաբերող յատուկ գաղտնաբառերը տրամադրէ այդ բաժանմունքին:

«Այս պահանջը հետաքննութեան չի վերաբերիր, այլ` լիբանանցիներուն իրաւունքներուն: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը լիբանանցիներուն անձնականութիւնը պիտի չբացայայտէ», ըսաւ Սահնաուի:

Share this Article
CATEGORIES