Սամսոն Անդրանիկեանի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Յուղարկաւորներու առաջին շարքին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ բարձրաստիճան զինուորականներ
Նախանցեալ օր Ժունիէի մէջ ապահովական առաքելութեան մը ընթացքին լիբանանեան բանակի սեւ վախճանի արժանացած Ա. (Աւագ) յիսնապետ Սամսոն Անդրանիկեանի մարմինը երէկ յանձնուեցաւ հողին:
Անդրանիկեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեամբ անոր ընտանիքին, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ զէնքի ընկերներուն, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարին ներկայացուցիչին:
Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ հազարապետ Ժորժ Ֆարես դրուատեց նահատակ զինուորականին ծառայութեան ընթացքը, լիբանանեան բանակին անոր նուիրուածութիւնը եւ զինուորական իր պարտականութիւններուն մէջ անոր բծախնդրութիւնն ու նուիրումը:
Նշենք, որ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ Սամսոն Անդրանիկեանի դէմ կրակ բացող եւ զայն սպաննող յանցագործը կեղծուած քանի մը անձնաթուղթ ունի:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անոր իսկական անունն է Հասան Հիւսէյն Ղարիպ, որ Խիամ գիւղաքաղաքէն է եւ զէնքի առեւտուրով կը զբաղի:
Հաղորդագրութեան համաձայն, 2006-ին, 2008-ին, 2009-ին, 2010-ին եւ 2012-ին Ղարիպի դէմ բերման գիրեր հրապարակուած են, ինչպէս նաեւ նշուեցաւ, որ Ղարիպի շուրջ հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի դատական համապատասխան իշխանութիւններուն կողմէ:


