«Չափաւորականութիւնը Արժանիք Է Եւ Ոչ Թէ Որոշ Կեցուածքէ Փախուստ Տալու Ձեւ Մը» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Եւրոպական Միութեան գաղթականներու հարցերով ներկայացուցչութեան յատուկ պատուիրակութիւն մը, դեսպաններ եւ ապահովական մարզի պատասխանատուներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն պարզած իրավիճակն ու անոնց օժանդակելու կարելիութիւնները:
Սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն մասնակցող երկիրներուն ներկայացուցիչները դրուատեցին լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած բոլոր ջանքերը` գոհացնելու համար լիբանանցիներուն կարիքները:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ սուրիացի գաղթականներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ «այսօր սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու նպատակով Լիբանանի նիւթական նպաստ տրամադրող երկիրներուն հետ կը հանդիպինք` բացատրելու համար Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային տագնապին մանրամասնութիւնները եւ Լիբանանի վրայ սուրիացի գաղթականներուն կացութեան ձգած ազդեցութեան:
Միքաթի յայտնեց, որ Սուրիայէն Լիբանան ժամանած են 130 կամ 140 հազար սուրիացի գաղթականներ, որոնց 60 առ հարիւրը մանուկներ են եւ երեխաներ:
Նշենք, որ Լիբանանին նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրող երկիրներուն դեսպանները անհրաժեշտ նկատեցին, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանները բաց մնան, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի գաղթականներուն դէպի Լիբանան հոսքը չկասեցնել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի «Պիել»-ի մէջ բացումը կատարեց Պէյրութի գիրքի տարեկան ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Միքաթի շեշտեց, որ չափաւորականութիւնը արժանիք է եւ ոչ թէ որոշ կեցուածքէ փախուստ տալու ձեւ մը կամ իրաւազրկումի քայլ մը:
Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ չափաւոր կեցուածքները իմաստութեան ընտրանք են եւ ոչ թէ որոշումէ մը փախուստ տալու կամ համոզումները անտեսելու ձեւ:
Ան ըսաւ, որ միջին կեցուածքներու տէր ըլլալ չի նշանակեր չէզոք ըլլալ, այլ կը նշանակէ կողմնակալ ըլլալ` երկրին ու երկրին զաւակներուն շահերուն օգտին եւ չնպաստել երկիրը երկփեղկող ու ատելութիւն սերմանող ճիգերուն:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ երկիրը պոյքոթի կարելի չէ ենթարկել կամ երկրին հետ կարելի չէ գժտուիլ: «Պետութիւնը կարելի չէ կերտել ուրիշը ջնջելով կամ այլոց վերէն դիտելով, այլեւ` ուրիշը ընդունելով եւ անոր մտահոգութիւնները հասկնալով», ըսաւ ան:
Ան շեշտեց, որ երկիրը կարելի չէ հզօրացնել այլ երկիրներու կացութեան վրայ գրաւ դնելով եւ երկրին ներքին կայունութիւնը արտաքին աշխարհին զոհ դարձնելով: «Կարելի չէ այլոց հարցերուն միջամտելով երկիր պահել եւ ամրապնդել, այլ` պէտք է հեռու մնալ եւ չէզոք մնալ այլոց հարցերէն եւ աշխատիլ երկրին բարգաւաճման ի խնդիր», ընդգծեց վարչապետ Միքաթի` կոչ ուղղելով բոլորին երկխօսութիւն եւ փոխադարձ խորհրդակցութիւն կատարելու:


