Նախագահ Սլէյման Փոխվարչապետին Հետ Քննարկեց Ընթացիկ Հարցեր

Նախագահ Սլէյման եւ փոխվարչապետ Մուքպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:

Քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող ընտրական օրինագիծին կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու նպատակով շարք մը գործնական քայլեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, որ նախագահ Սլէյմանին հետ խօսեցաւ երկրագործութեան մարզին վերաբերող հարցերու մասին:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին նախարար Ատնան Քասսարը, որ նախագահը տեղեակ պահեց երկրին տնտեսական կացութեան եւ այդ կացութիւնը բարելաւելու նպատակով որդեգրուելիք անհրաժեշտ քայլերուն մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES