Ընդառաջելով Պըրրիի Հրաւէրին` Օմերու Այցելեց Լիբանան Եւ Քննարկեց Քարիւղի Պեղման Հեռանկարները
Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննաքիս Օմերու երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ` քննարկումի հիմնական նիւթ ունենալով միացեալ ջուրերուն մէջ քարիւղի հանքերու պեղման հեռանկարները:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Օմերու յայտնեց, որ երկու երկիրները կը դիմագրաւեն միացեալ հարցեր, եւ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել Լիբանանի ու Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Օմերուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւնները, միջազգային առումով փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քարիւղի եւ բնական կազի պեղման իմաստով երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու կարեւորութիւնը:
Վարչապետարանին Մէջ
Օմերու այցելեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց կիպրացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի եւ Օմերու տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Պըրրի մերժեց քաղաքական հարցերու մասին խօսիլ: Ան հաստատեց, որ ներկայիս Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ոչ մէկ հարց կայ` ներդրումի, միացեալ սահմաններու եւ քարիւղի միացեալ հանքերուն մասին: «Մենք տակաւին հարց ունինք Իսրայէլի հետ, սակայն դարձեալ կը մաղթեմ, որ նախքան տարուան աւարտը արդէն իսկ սկսին քարիւղի պեղման աշխատանքները եւ Լիբանան անգամ մը եւս չիյնայ Լիթանիի ծրագիրին սխալին մէջ` նկատի ունենալով, որ այդ ծրագիրին գործադրութիւնը սկսած էր 50 տարի ետք», ըսաւ ան:
Պըրրի հաստատեց, որ այս թղթածրարին առումով Կիպրոս կը զօրակցի Լիբանանին` ընդգծելով, որ Լիբանանի ծովային սահմաններուն առումով ոչ մէկ հարց կայ Կիպրոսի հետ:
Իր կարգին, Օմերու յայտնեց, որ երկու երկիրները պատրաստ են գործակցելու` Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող քարիւղն ու բնական կազը պեղելու առումով:
«Մենք պէտք է գործակցինք, որպէսզի կարենանք օգտուիլ բնական այդ հարստութենէն, որ կը գտնուի ծովուն յատակը», հաստատեց ան:
Մամլոյ ասուլիսին աւարտին Պըրրի ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ կիպրացի իր հիւրին:
Օմերու հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Նշենք, որ երեկոյեան Օմերու Հարիսայի մէջ ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի կարտինալ-պատրիարքին կողմէ:
Օմերու իր մասնակցութիւնը բերաւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու Բ. խորհրդաժողովի բացման արարողութեան:



